Ռուսիա, Պիելոռուսիա Եւ Ղազախստան Պատրաստած Են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Ստեղծման Վերաբերող Պայմանագիրի Նախագիծը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետի տեղակալ Իկոր Շուվալով յայտնած է, որ 9 հոկտեմբերին Թաթարիստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի 8-րդ նիստին պատրաստուած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն ստեղծելու վերաբերող պայմանագիրի նախագիծ:
Այդ փաստաթուղթը 24 հոկտեմբերին քննարկման պիտի ներկայացուի երեք երկիրներու` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ղեկավարներուն Մինսքի մէջ կայանալիք հանդիպումին ընթացքին:
«Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները ներկայացուցած են պայմանագիրի հիմնական մասը», ըսած է Շուվալով: Ըստ անոր, ծրագիրին մէջ «կը նկարագրուին այն հիմնարկները, որոնք պիտի ըլլան Եւրասիական տնտեսական միութեան հիմքը»:
Շուվալով նաեւ նշած է, որ բազմաթիւ խնդրայարոյց հարցեր ծագած են մաքսային վճարումներու առնչուած, սակայն ատոնց հիմնական մասը լուծուած է, իսկ մնացեալ մասը պէտք է լուծեն մասնագէտները:
Իսկ պիելոռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Սերկէյ Ռումաս յայտարարած է, թէ գործնական քննարկման ժամանակ անոնք նաեւ քննարկած են մրցակցութեան վերաբերեալ օրէնքը, որ նոյնպէս պիտի քննարկուի երեք նախագահներու հանդիպումին ընթացքին:

