ԵԱՀԿ Ազրպէյճանի Նախագահական Ընտրութիւններուն Մէջ Թերութիւններ Կը Նշէ, Իսկ Փութին Կը Շնորհաւորէ Ալիեւը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, որ, ԵԱՀԿ-ի դէտերու կարծիքով, Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները ունեցած են լուրջ թերութիւններ, որոնց շարքին ամէնէն կարեւորը ընտրապայքարի մասնակիցներու անհաւասար կարելիութիւններն էին:
ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Միշէլ Վուազեն նշած է, որ հակառակ անոր, որ ընտրական հոլովոյթը լաւ կազմակերպուած էր, իսկ քուէարկութիւնն ալ խաղաղ մթնոլորտի մէջ կայացած, բայց եւ այնպէս, դէտերը թերութիւններ արձանագրած են ձայներու հաշուարկի հոլովոյթին մէջ: Այս գծով Վուազեն յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի փորձեն այդ ոլորտին մէջ ամէն ինչ համապատասխանեցնել ԵԱՀԿ-ի պահանջներուն:
Ընտրութիւններու վրայ բացասաբար ազդած է նաեւ այն, որ ընդդիմադիր թեկնածուները լրատուամիջոցներուն հաւասարաչափ հասանելիութիւն չեն ունեցած, իսկ որոշ լրագրողներ ալ ենթարկուած են ճնշումներու եւ հետապնդման:
Ըստ եւրոպացի դիտորդներու, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նկատի չեն առած եւ չեն գործադրած նախապէս ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ)` նախագահական ընտրութիւններու կայացման առնչուած առաջարկները:
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Տորիս Պարնեթ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` արագօրէն արձագանգերու դէտերու բարձրացուցած հարցերուն:
Իսկ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դէտերու առաքելութեան ղեկավար Թանա տէ Ճիւլիեթա յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ընտրական հոլովոյթը մեծաւ մասամբ չի համապատասխաներ ԵԱՀԿ-ի պահանջներուն:
Ազրպէյճանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը` ապահովելով քուէներու 95.84 առ հարիւրը:
Ընտրական գործընթացին հետեւած է աւելի քան 1200 դէտ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն, ներառեալ` ԱՊՀ-էն, ԵԱՀԿ-էն, Եւրոպական խորհրդարանէն: ԱՊՀ-ի դէտերու առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւ ընտրութիւնները գնահատեց «ազատ եւ ժողովրդավար»:
Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ալիեւի հետ ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին ան ջերմօրէն շնորհաւորած է իր ազրպէյճանցի գործընկերը:
Նախապէս Ալիեւին ուղղուած շնորհաւորական հեռագիրին մէջ Փութին նշած է, որ` «Ալիեւի համոզիչ յաղթանակը կը վկայէ անոր քաղաքական բարձր հեղինակութեան մասին»:
«Քոնթաքթ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի «Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդ» ընդդիմադիր դաշինքէն նախագահի թեկնածու Ճամիլ Հասանլի դատարանին դիմած է` վիճարկելու համար նախագահական ընտրութեան արդիւնքը: Ան կը պահանջէ նոր ընտրութիւններու կայացումը: Ըստ անոր, ընտրական խախտումները «այնքան շատ եղած են, որ ժողովուրդը կարելիութիւն չէ ունեցած իր կամքը արտայայտելու»:
Ընտրութիւններու արդիւնքներու դէմ իրենց բողոքը արտայայտելու համար ընդդիմութիւնը որոշած է 12 հոկտեմբերին Պաքուի մէջ հանրահաւաք կատարել:

