«Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Վերաբերեալ Միջազգային Որոշումը Բոլորին Պարտադրուած Է» Ըսաւ Լուքաշեւիչ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ոչնչացման համար Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի միացեալ առաքելութիւն մը կազմելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի առաջարկը:
Նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ նշեց, որ քիմիական զէնքերու ոչնչացման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը պարտադիր է սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան համար` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է Սուրիոյ ապագային վերաբերող հարցերը լուծելու կարող պատուիրակութիւն մը կազմէ:
CATEGORIES Միջազգային

