Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ քաղաքացիական անվտանգութեան նախկին պատասխանատու մը շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ յաջորդ պատերազմը Իսրայէլին լուրջ հարուածներ պիտի պատճառէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին կոչ ուղղեց` չէզոքացնելու այն բոլոր հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն տնտեսութեան կը վերաբերին եւ ոչ քաղաքականութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի մաղթեց, որ Մարատա հոսանքի երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ դառնայ Լիբանանի յաջորդ նախագահը` աւելցնելով, որ իրենք կը նախատեսեն նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը` ընթացիկ հարցերու կառավարութեան օրով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն մատուցուած օժանդակութիւնները զանոնք Լիբանանի մէջ կը քաջալերէ մնալու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու քայլը առաջնահերթութիւն կը նկատուի, բացի եթէ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի ենթարկուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էտմոն Ռըզք յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի պարտականութիւնն է կազմել կառավարութիւն մը, որ կրնայ հոգալ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կարիքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, լիբանանցի պատասխանատուները կը ջանան կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ կոչ ուղղեց Լիբանանի համար զօրաւոր նախագահ մը ընտրելու` կէս առաւել մէկ քուէներու դրութեամբ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ առանց բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակին կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Թրիփոլի կարիք ունի ապահովական ուժերու մնայուն ներկայութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսայի համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը կը սպասէ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ երկրորդ հանդիպումի մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ իրենք մտավախութիւն ունին այն մասին, որ Լիբանան կրնայ մատնուիլ այնպիսի անիշխանութեան, որ 2008-ի անիշխանութեան շրջանէն աւելի երկարատեւ կրնայ ըլլալ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրենց գրաւը դրած են Ատհայի տօնէն ետք իրագործուելիք իրանեան-սէուտական մերձեցման վրայ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը փախուստ կու տան կառավարութիւն մը կազմելու իրենց պարտականութենէն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Նիւ Եորքի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանին ներկայացուած օժանդակութիւնները անոր կարիքները չեն գոհացներ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան առումով Ատհայի տօնէն առաջ որեւէ զարգացում պէտք չէ ակնկալել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` արգելակելու համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի կացութեան վատթարացման:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, քարիւղի թղթածրարին դիմագրաւած խոչընդոտներուն պատճառը ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլն է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի պալատէն, կը գրէ, թէ քարիւղի թղթածրարին առումով գնդակը կը գտնուի հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դաշտը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու ելք մը կը փնտռեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլիի մուտքերուն զետեղուած անցարգելները բաւարար չեն քաղաքին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կը միտէր կառավարութեան կազմ մը ներկայացնել հանրապետութեան նախագահին` անոր Նիւ Եորքէն վերադարձէն անմիջապէս ետք, սակայն այս հանգրուանին Լիբանան թեւակոխած է սպասողական վիճակի այլ հանգրուան մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ տարեվերջ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ հանդիպումներու շրջագիծին մէջ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող հարցերուն քննարկումը շարունակուեցաւ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին զարգացումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES