Շարպել Ընդունեց Թուրք Դեսպանը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն վերաբերող զարգացումները:

Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կիրարկուելիք ապահովական ծրագիրը որդեգրուած է եւ կարելի պիտի ըլլայ զայն երկու հանգրուանով գործադրել:

Շարպել շեշտեց, որ ինք մօտիկ ապագային անձամբ պիտի հսկէ այդ ծրագիրին գործադրութեան: Ան աւելցուց, թէ այս ապահովական ծրագիրին երկրորդ հանգրուանին գործադրութիւնը բաւական բարդ կը նկատուի:

ՆՇԵՆՔ, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները յայտնեցին, որ իրենք լաւատես են իրենց հարազատներուն մօտալուտ ազատ արձակման առումով:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենք համոզուած են, թէ իրենց հարազատները Ատհայի տօնէն առաջ արդէն իսկ Լիբանան հասած կ՛ըլլան:

 

Share this Article
CATEGORIES