Վարչապետ Միքաթի Շարպելի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Ապահովական Ծրագիրին Գործադրութեան Քայլերը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կիրարկուելիք ապահովական ծրագիրը որոշ չափով բարդ է` աւելցնելով, որ անոր համար Թրիփոլիի մէջ ապահովական ուժեր դիրքաւորելու կարիք կայ:
Շարպել շեշտեց, որ իր հսկողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յառաջացնել սպաներու յանձնախումբ մը` հակակշռելու համար Թրիփոլիի կացութիւնը:
Պատասխանելով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը` Շարպել յայտնեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով է, որ զանոնք ազատ արձակելու իմաստով այսքան լաւատեսութիւն գոյութիւն կ՛ունենայ:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ յայտնեց, թէ այս հանգրուանին չէզոք կեցուածքը Լիբանանի համար կարիք է, եւ ոչ թէ ընտրանք:
Ֆլեչըր շեշտեց, որ չէզոք կեցուածք որդեգրելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ուժ եւ համբերութիւն: Ան ընդգծեց նաեւ չէզոք կեցուածքը եւ երկխօսութեան մշակոյթը տարածելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ:


