Նախագահ Սլէյման Սինիորային Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական հարցերն ու առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Ուներուայի ընդհանուր պատասխանատու Ֆիլիփօ Կրանտին, որ նախագահին յայտնեց պաղեստինցի գաղթականներուն համար իրենց մատուցած ծառայութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն վրայ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած ծանր բեռը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Էտմոն Ֆատել: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պաալպեքի մէջ տիրող իրավիճակը:

Share this Article
CATEGORIES