Միջազգային Դատական Ատեանը Հարիրիի Սպանութեան Հարցով Կ՛ամբաստանէ Նաեւ Հասան Հապիպ Մըրհին
Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով ամբաստանեց Հասան Հապիպ Մըրհին:
Մըրհիի դէմ ամբաստանագիրը 6 օգոստոսին փոխանցուեցաւ լիբանանեան պետութեան, որպէսզի ան իր հետապնդումները կատարէ եւ զայն փոխանցէ միջազգային դատական ատեանին:
Միջազգային դատական ատեանը լիբանանեան իշխանութիւններուն 30 օրուան պայմանաժամ մը սահմանեց` այդ յանձնառութիւնը գործադրելու համար, սակայն Լիբանանի ընդհանուր դատախազութիւնը 6 սեպտեմբերին Միջազգային դատական ատեանի նախագահ, դատախազ Տէյվիտ Փարակուանաթը տեղեակ պահեց, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները ամբաստանեալը չեն կրցած գտնել:
Փարակուանաթ լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց խստացնել իրենց փնտռտուքը` աւելցնելով, որ, ՄԱԿ-ի թիւ 1757 բանաձեւին համաձայն, Լիբանան մնայուն կերպով պէտք է շարունակէ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ ամբաստանեալներուն որոնումը:
Նշենք, որ Միջազգային դատական ատեանը Հարիրիի սպանութեամբ արդէն իսկ ամբաստանած է չորս անձեր, որոնք են` Սելիմ Ժամիլ Այյաշ, Մուսթաֆա Ամին Պատրէտտին, Հիւսէյն Հասան Օնէյսի եւ Ասատ Հասան Սապրա:
Միջազգային դատական ատեանը վերոնշեալ ամբաստանեալներուն դատավարութեան օր ճշդած է 13 յունուար 2014-ը:

