«Վանի Աղթամարը, Տրասոնի Եկեղեցին Եւ Սումելայի Վանքը Մենք Կառուցած Ու Բացած Ենք» Ըսած Է Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին իրենք կառուցած ու բացած են:
Թուրքիոյ վարչապետը իր ղեկավարած կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ մէջ իրենց կողմէ վերանորոգուած եկեղեցիներու մասին` Աղթամարի Ս. Խաչին գծով յայտարարելով. «Վանի Աղթամարը մենք կառուցած եւ բացած ենք: Տարսոնի եկեղեցին ալ, Սումելայի վանքն ալ մենք բացած ենք»:
Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունին` 915-921 թուականներուն: Եկեղեցին Թուրքիոյ կառավարութեան միջոցներով վերանորոգուած եւ բացուած է այցելութիւններու համար իբրեւ թանգարան, իսկ 2010-ին տարին միայն մէկ անգամ թոյլատրուած է Ս. պատարագ մատուցել:

