ՄԱԿ 16 Քկ Պարէնային Զամբիւղ Պիտի Տրամադրէ Սուրիահայերուն
Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայերուն պարէնային օժանդակութեան նոր ծրագիր պիտի գործադրէ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ի փոխտնօրէն Ալեքսան Քարադանայեանը` տեղեկացնելով, որ ՄԱԿ-ի ամսական ծրագիրը շուտով պիտի սկսի եւ անոր ծիրին մէջ Հայաստան տեղափոխուած իւրաքանչիւր սուրիահայու պիտի յատկացուի 16 քիլոկրամ պարէնային զամբիւղ` բուսական ձէթ, բրինձ, մաքարոն եւ առաջին օգտագործման պարէնամթերք:
Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերը ՄԱԿ-էն դրամական օգնութիւն չեն ստանար, քանի որ անոնք Հայաստանի մէջ չեն արձանագրուած իբրեւ գաղթականներ: ՄԱԿ-ը Լիբանան տեղափոխուած սուրիացիներուն կը տրամադրէ ամիսը 30 տոլար, սակայն, ինչպէս նշեց Ալեքսան Քարադանայեանը, սուրիահայերը Հայաստանի մէջ ստացան հայկական անձնագիրներ եւ կը նկատուին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ: Անոր համաձայն, սուրիահայերուն մէկ մասը Հայաստանի մէջ ունի սեփական բնակարան, տուն վարձելու կարողութիւն ունեցողները կը վարձեն, իսկ նիւթական անձուկ վիճակի մէջ եղողներուն պետութիւնը բնակութեան վայր կ՛ապահովէ:

