Հայաստան – Գերմանիա Կապերու Քննարկում
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Վոլֆկանկ Պիորնզենը:
Նախարար Նալբանդեան` մեծապէս կարեւոր նկատելով Գերմանիոյ հետ տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացումը եւ ընդլայնումը, գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան համար: Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը` օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարներու փոխադարձ այցելութիւները եւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու միջեւ սերտ կապերը:
Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց Պիորնզենի գործունէութիւնը` իբրեւ «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղ կատարած անոր այցելութիւնը:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում հայ-գերմանական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան եւ երկու կողմերը հետաքրքրող այլ հարցերու շուրջ:

