Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լիթուանիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Լիթուանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Կետիմինաս Քիրքիլասը:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը «Արմենփրես»ին յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեան նշեց, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Լիթուանիոյ հետ երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Վիլնիուսի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս հանդիպում ունեցաւ Լիթուանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահին հետ: Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց վերջին տարիներուն աշխուժ կերպով զարգացող հայ-լիթուանական յարաբերութիւններուն համար: Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ զարգացող մարդկային կապերը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Լիթուանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը յայտնեց, որ Լիթուանիա շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններով, որոնց շարքին միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան զարգացմամբ եւ ամրապնդմամբ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան, Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ ամիս մը առաջ Վիլնիուս կատարած իր այցելութեան եւ լիթուանացի գործընկերոջ` Լինաս Լինքիավիչուսի հետ հանդիպման, որուն ընթացքին նախարարները համամիտ էին, որ հարկաւոր է առաջ մղել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` հիմնուելով վերջին տարիներուն միացեալ ձեռքբերումներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES