Հեծելարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Յորդանան

Լիբանանեան հեծելարշաւի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Յորդանան, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արաբական հեծելարշաւի աղջկանց 11-րդ ախոյեանութեան:

Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եգիպտոս, Իրաք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ալճերիա, Լիբանան եւ Յորդանան:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` Քայսար Սալլում, Զահեր Հաժ (պատասխանատուներ), Լինա Ռահմէ Հաժ եւ Ժոէլ Տաու (մարզիկներ):

Լիբանանի ախոյեան Լինա Ռահմէ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 20 քմ ժամացոյցի դէմ անհատական մրցումին, մինչ 60 քմ մրցումին պիտի մասնակցին երկուքը:

Share this Article
CATEGORIES