Եուրօ-2015-ի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան – Ֆրանսա` 1-4

Երէկ` հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Եուրօ-2015-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ Հրազդան մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆրանսան, 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց անկէ:

Իր բերդին մէջ 4 կոլ ստանալէ ետք, հայրենի կազմը 85-րդ վայրկեանին նշանակեց իր միակ կոլը, շնորհիւ` Դաւիթ Յակոբեանի:

Այսպիսով, զգալիօրէն աւելի զօրաւոր Ֆրանսա, Հայաստանէն հեռացաւ 3 կէտով:

14 հոկտեմբերին, Հայաստան պիտի մրցի Ղազախստանի դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES