Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին գումարած իր հերթական ժողովին ընթացքին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները:

Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Նեպի Շիթ – Ռիատա Ուալ Ատապ` 4-1, Ահլի Նապաթիէ – Ամալ Թրիփոլի` 6-1, Հարաքեթ Շապապ – Սաժես` 5-4 (փենալթիներով), Շապապ Ղազիէ – Սալամ Սուր` 6-0, Խըյուլ – Նահտա Պար Էլիաս` 6-0, Թատամոն Պէյրութ – Շապապ Թրիփոլի` 2-1 եւ Ահլի Սայտա – Շեպիպեթ Մազրաա` 6-2:

Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաւերացուեցան անոնց արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով. Սաֆա – Ռասինկ` 2-1, Իժթիմահի – Մապարրա` 5-0, Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ` 3-2, Սալամ Զղարթա – Թատամոն Սուր` 1-1, Անսար – Շապապ Սահել` 0-0 եւ Նըժմէ – Թրիփոլի` 0-0:

Հրապարակուեցան այս շաբաթավերջին սկսելիք Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (տեսնել` ստորեւ):

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Սալամ Սուրէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ խումբը կը քաշուի Բ. դասակարգի ախոյեանութենէն:

Ասոր լոյսին տակ անիկա ուղղակիօրէն փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ եւ տասը միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.

 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ  ԴԱՇՏ
Սաժես – Հարաքեթ Շապապ 3:30 Ահտ
Ահլի Սայտա – Թատամոն Պէյրութ 3:30 Սայտա
 

ՇԱԲԱԹ, 12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Շապապ Թրիփոլի – Նեպի Շիթ 3:30 Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – Նահտա Պար Էլիաս 3:30 Քֆարժոզ
 

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Շեպիպեթ Մազրաա – Ռիատա Ուալ Ատապ 3:30 Նըժմէ
Ահլի Նապաթիէ – Ամալ Թրիփոլի 3:30 Քֆարժոզ
 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

 
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ    ԺԱՄ   ԴԱՇՏ
Հարաքեթ Շապապ – Շեպիպեթ Մազրաա 11:30 Զղարթա
Թատամոն Պէյրութ – Ժապալ Մաժտալպաանա 11:30 Անսար
Ռասինկ – Մապարրա 11:30 Ահտ
Նըժմէ – Պարժալունա 11:30 Սաֆա
Անսար – Թրիփոլի 11:30 Նըժմէ
Սալամ Զղարթա – Խըյուլ 11:30 Շարք

 

Share this Article
CATEGORIES