2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Հայաստան – Պուլկարիա

Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պուլկարիան:

Նշենք, որ Պէյրութի ժամանակացոյցով, ժամը 18:00-ին սկսելիք այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «ԱՐՄԵՆԻԱ» պատկերասփիւռի կայանէն:

Մրցումի նախօրեակին, հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան 9 հոկտեմբերին տուաւ կարճ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ըսաւ, թէ լաւ վիճակի մէջ գտնուող 20 ֆութպոլիստներ հրաւիրուեցան հաւաքական:

Արթուր Եդիկարեան կախակայուած ըլլալով, դաշտ չի կրնար ներկայանալ, մինչ Մասիս Ոսկանեանի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է:

Բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի արդէն վերակազդուրուած է եւ պատրաստ է մրցումին:

Շարունակելով` Մինասեան ըսաւ, որ Բ. խմբակին 2-րդ դիրքը գրաւելու յոյսերը թէեւ բաւական քիչ են, սակայն պիտի փորձեն անպայման յաղթել, որովհետեւ Հայաստանի մէջ զտումի մրցումներուն ցարդ Հայաստան յաղթանակ չէ արձանագրած. «ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուելիք դասաւորման մէջ լաւ դիրք գրաւելու համար, այլ պատճառ մը եւս ունինք յաղթելու», դիտել տուաւ ան:

Եզրափակելով` մարզիչը ըսաւ, թէ անպայման պիտի փորձեն գոհ պահել իրենց համակիրները, անոնց պարգեւելով յաղթանակ մը:

Նշենք, որ այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն նախօրեակին, Բ. խմբակին դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

 

ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Իտալիա 8 6 2 0 15 5 20
2.- Պուլկարիա 8 3 4 1 13 6 13
3.- Դանիա 8 3 3 2 9 10 12
4.- Չեխիա 8 2 3 3 8 8 9
5.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 8 3 0 5 8 10 9
6.- Մալթա 8 1 0 7 4 18 3

 

Share this Article
CATEGORIES