Եուրօ-2014-ի Զտումի Մրցաշարք (19 Տարեկանէն Վար). Ռումանիա – Հայաստան` 1-1

Արտեոմ Սիմոնեան

Երէկ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Ռումանիա – Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2014-ի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:

Մրցումին 12-րդ վայրկեանին Ռումանիա բացաւ հաշիւը` շնորհիւ Վինայի: Սակայն մրցումին 44-րդ վայրկեանին, Արտեոմ Սիմոնեան նշանակեց Հայաստանի հաւասարութեան կոլը` այսպիսով իր կազմին ապահովելով մրցաշարքին առաջին կէտը:

Ս. Փեթերսպուրկի, Զենիթի երիտասարդական խումբին մաս կազմող Սիմոնեանի նշանակած կոլէն ետք, թէեւ եղաւ կիսադադար, սակայն հայրենի կազմը չկրցաւ օգտուիլ մարզիկի մը աւելի ունենալու հանգամանքէն` նկատի ունենալով, որ Պոպոց, 58-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացած էր:

Հայաստան, իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ հիւրընկալ կազմին` Լեհաստանի դէմ, վաղը` շաբաթ, 12 հոկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES