Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր մէկ որոշումը իրագործելու գծով: Կասկածը հեռացուցէք ձեզմէ ու պիտի տեսնէք, թէ ամէն ինչ աւարտած է յաջողութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամատնային ձեր պարտաւորութիւնները կատարեցէք առանց յետաձգելու: Հաշուարկումի վերաբերեալ եղէք ուշադիր, աշխատեցէք կեդրոնացած:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կուտակուած աշխատանքներ ունիք, բայց պիտի կարենաք նոր դասաւորումներով իրագործել օրուան համար որոշուած ծրագիրը: Մի՛ մտահոգուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պտոյտ մը կատարեցէք շաբաթավերջին ձեզի սիրելի անձի մը հետ: Նկատի առէք կլիմայական փոփոխութիւնը եւ ըստ այնմ դուրս ելէք պաշտպանուած արտաքին հագուածքով, նաեւ ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին ապահովութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ընկերովի աշխատանք կը կատարէք, մի՛ մոռնաք ձեր պարտականութիւնը: Աշխատասիրութիւնը անպայման արդիւնք կու տայ: Ձեր պարտականութեան գիտակից եղէք օրինակելի կեցուածքով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարճատեւ ճամբորդութեան մը ծրագիրը ունիք: Ձեզի պիտի ընկերանայ բարեկամներու խումբ մը: Յարգեցէք ժամադրութիւնը, որպէսզի օրը ըլլայ յաջող:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն կը խանդավառուիք ձեր լսած խօսքերէն, յատկապէս նոր աշխատանքի մը վերաբերեալ: Ձեր գործը մի՛ փոխէք առանց նախապէս հաստատ ըլլալու այդ մասին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանուկներու կամ փոքրահասակներու խնամատարութիւնը ստանձնած ըլլալու մտահոգութիւնը ունիք: Ականջ տուէք անոնց պահանջներուն, կիրարկեցէք մանկավարժական ձեր հմտութիւնը: Ուրախ կը մնաք անպայման:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կալուածի մը վերաբերեալ ձեր որոշած հաշիւը չի յարմարիր օրուան սակերուն, հետեւաբար պիտի ստիպուիք ներկայիս հրաժարիլ այս որոշումէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խմբական աշխատանք մը պիտի ունենաք ձեր շրջանակին մէջ: Ձեր շուրջինները եթէ սկսնակներ են, համբերութեամբ առաջնորդեցէք զանոնք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր ծրագիրներ կը մշակէք իրարու ետեւէ: Այս պարագային նախ մէկը աւարտեցէք, ապա յաջորդին անցէք: Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ կարելի չէ վերցնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր լսած գաղտնիքը ուրիշին մի՛ փոխանցէք, կը վնասուիք: Նման հարցեր կը վտանգեն ձեր բարեկամութիւնը: Վստահութիւն չէք ներշնչեր:

