50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1963)
Միտքին Լոյսը Մեր Կրթական
Աշխատանքին Մէջ
Բ. Եղիայեանի «Սերունդի Մը Դաստիարակութիւնը»
Գործին Առիթով
Կրթական կեանքը նոր թափ կ՛առնէ այս օրերուն դպրոցական տարեշրջանի բացման խանդավառ մթնոլորտին մէջ: Հայ վարժարաններու ամառուան փոշիները արդէն սրբուած են եւ եռամսեայ լռութիւնը տեղի տուած` կեանքի նոր շունչին դիմաց, որ կը ծաւալի, դասարանէ դասարան, ամպիոնէ գրասեղան, ուսուցիչէ աշակերտ:
Ամէն ինչ «բնականոն» ընթացքով տեղի կ՛ունեայ, անշուշտ: Տնօրէններ եւ ուսուցիչներ իրենց վերջին կարգադրութիւնները կ՛ընեն` շատ յաճախ սկսելով ու վերջացնելով նիւթական վարձատրութեան յատուկ նկատողութիւններով: Դասագրքեր կը ճշդուին, դասապահերու թիւն ու բաշխումը կը սահմանուին: Երբեմն, տեղ-տեղ, նորոգութեանց վերջին աշխատանքները իրենց վախճանին կը դիմեն: Արձանագրութիւնները կ՛արագանան: Մանկապարտէզի գոգնոցները կը կարուին: Խաղալիքները կ՛ամբողջանան: Պայուսակները կը ծանրանան դասագիրքերով եւ տետրակներով: Ամէն կողմ շարժում, նոյնիսկ` իրարանցում: Ա՛լ դպրոցներն իսկ նեղ կու գան աշակերտներու խճողումին առջեւ:
Այս բոլորը «բնականոն» ընթացքն են դպրոցական տարեմուտին: Տեղին, արդար, անհրաժեշտ:
Բայց այս բոլորէն անդին եւ այս բոլորէն աւելի էական` կայ ներքին կեանքը դպրոցին, ընդհանուր մթնոլորտը, տիրող ոգին, գործադրուող մեթոտը, տարուող ճիգը, աւանդուող նիւթերը, որոնք աւելի ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն կը պահանջեն, քան` արտաքին սովորական «բնականոն» այն զբաղումերը, որոնք կարեւոր են անշուշտ, բայց կը կազմեն արտաքին կեղեւը աճելիք ծառին…:
Այնքա՜ն ըսելիքներ կան հայ դպրոցներու այս ներքին պատկերին մասին, բայց մանաւանդ` այնքա՜ն ընելիքներ, որ պարզ ու միակ յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են անոնց հարազատ ու ամբողջական արտայայտութիւն տալու համար: Մեր կրթական մշակները` տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, իրենք գիտեն աւելի քան ոեւէ այլ անձ իսկական կարիքները մեր վարժարաններու ներքին կեանքին, դասաւանդման մեթոտի, նիւթերու ընտրութեան հոգեւոր, բարոյական ու հայկական մթնոլորտին, կարգապահական ուղղութեան եւ այլ յարակից հիմնական երեւոյթներու: Ի վերջոյ, ինչպէս եկեղեցին հաւատացեալներու ապրումովն է եկեղեցի, նոյնպէս դպրոցը` մարդու ամբողջական կազմաւորման որպէս գլխաւոր ընթացք` իր ներքին կեանքովն է դպրոց, ինչպէս ծառը իր աւիշովն է ծառ ու մարմինը սիրտէն տարածուող արիւնովն է կենդանի ու գործօն մարմին:
Եւ երբ քանի մը օրէն ա՛լ կ՛աւարտին «բնականոն», «սովորութենական», «ընթացիկ» զբաղումները, ահա այն ատեն է, որ կը բացուի իրական դպրոցը: Երբ ուսուցչին ձայնը կը հնչէ դասարանին մէջ, երբ աշակերտները կ՛արձագանգեն այդ ձայնին ջինջ ու յստակ հակազդեցութեամբ, երբ կաւիճը իր կեանքը կու տայ գրատախտակին, մատիտը` թուղթին, մելանը` տետրակին, ահա այն ատեն է, որ հոսանք կ՛առնէ հոգեկան, բարոյական, մտաւոր ու հայկական քառեակ ուղիներով հաղորդութիւնը, որ կը տարածուի ոռոգիչ ջուրի զովութեամբ եւ կենսատու ուժով ամառէն այրած ու երաշտացած հայ աշակերտներու հոգիներու դաշտին մէջ: Եւ այդ դաշտն է հայ դպրոցը, իր խորունկ իմաստին մէջ:
Դպրոցին ներքին կեանք արդիւնալից ընծայելու համար չեն բաւեր «բնականոն», «սովորութենական» եղանակները աշխատանքի: Հոն անհրաժեշտ է բերել միտքին լոյսը, մտածման բարիքը` փորձառութեամբ ճոխացած: Ուսուցանելու ընթացքը ոչ թէ սովորութեամբ, քարացած ձեւերով, ընդունուած եղանակներով գործադրուող ընթացք է, այլ տեւաբար մտածուող, փոխուող եւ զարգացող ընթացք է: Մանկավարժութիւն անունին տակ ծանօթ գիտութիւնը իր ամէնէն սեղմ ու ճշմարիտ իմաստին մէջ օրէնքներ մշակող եւ պարտադրող գիտութիւն չէ, այլ` ուսուցման ընթացքը քննարկող եւ պատշաճեցումներ, ազդեցիկ մեթոտներ փնտռող գիտութիւն մը, որ առիթ է, գրգիռ` ուսուցիչներուն տեւաբար վերամտածելու իրենց ուսուցման աշխատանքը միտքին եւ փորձառութեան լոյսին տակ:
Դպրոցական տարեշրջանի այս օրերուն աւելի քան երբեք հրամայական է մեր ուսուցիչներուն համար մտածել իրենց կատարելիք տարուան աշխատանքը եւ որդեգրել ազդուագոյն եղանակը ուսուցման: Պարտադիր ոչ մէկ մեթոտ այնքան օգտակար կրնայ ըլլայ, որքան ուսուցչին կողմէ անձնապէս գտնուած ձեւը թէ՛ վերաբերումի եւ թէ՛ ուսուցման տեսակէտէն:
Ահա այս մտածումէն թելադրուած եւ նուազագոյն նպաստ մը առաջարկելու մտադրութեամբ կ՛ուզէի մեր բոլոր տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն ամենալուրջ ուշադրութեան յանձնել գիրք մը, որ տարիէ մը ի վեր լոյս է տեսած, բայց մեր ծանօթութեամբ` ժողովրդական լայն արձագանգ չէ գտած: Կ՛ակնարկեմ վաստակաւոր ուսուցիչ, դաստիարակ, մանկավարժ ու մտաւորական` Բիւզանդ Եղիայեանի «Սերունդի մը դաստիարակութիւնը» խորագրին տակ հրատարակուած հատորին, որ իր 450 մեծադիր էջերուն մէջ կը խմբէ 46 յօդուածներ, բոլորն ալ` հայ դպրոցին, հայ ուսուցչին, հայ կրթութեան եւ ասոնց բոլորին սերտօրէն առնչակից այժմէական նիւթերու շուրջ գրուած (*): Հինգ գլխաւոր բաժանումներու տակ խմբուած այս գրութիւնները ծնունդն են երկար տարիներու ընթերցումներու, փորձառութիւններու եւ ասոնց վրայ կատարուած անձնական խորհրդածութիւններու:
Բնականօրէն, ո՛չ անհրաժեշտ է եւ ո՛չ ալ կարելի համաձայնիլ անպայման հեղինակի բոլոր տեսակէտներուն հետ: Բայց կարելի չէ զանոնք լրջօրէն նկատի չունենալ եւ չյարգել: Ծանօթութեանց հսկայ աշխարհ մըն է ան, ուրկէ կարելի չէ դուրս գալ առանց արժէքաւոր բան մը առած ըլլալու. տեղեկութիւն մը, տեսակէտ մը, ներշնչում մը, նոր տեսլիք մը, խանդավառութեան նոր ալիք մը:
Ահա թէ ինչո՛ւ երբ գրութեանս սկիզբը կը շեշտէի միտքով, խորհրդածութեամբ, կշռադատումով կրթական գործը վարելու ստիպողական պահանջը հայ վարժարաններու ներքին պատկերը առաւել եւս գեղեցիկ տեսնելու նախանձախնդրութենէն մղուած` մտքիս մէջ այս գիրքն էր հիմնական տեղ գրաւած իրականութիւնը:
Անոր մէջ այսօր կը տեսնեմ հրաւէր մը բոլոր տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն: Հրաւէր` միտքին լոյսը ներկայ ընելու իրենց ընթացիկ կարծուած, բայց բացառիկ նշանակութիւն ու վճռական դեր ունեցող ուսուցչական աշխատանքին մէջ: Կարդալ գիրքը նախ, ապա մտածել արտայայտուած գաղափարներուն, թելադրուած մեթոտներուն ու սկզբունքներուն մասին, եւ ի վերջոյ, ընթերցումէն եւ խորհրդածութենէն քաղուած լոյսը տանիլ առօրեայ գործին մէջ` ի սէր հայ մանուկին, հայ պատանիին հայեցի ու մարդկային առողջ կերտումին:
Որքա՜ն կը շահին մեր ուսուցիչ պաշտօնակիցները մասնաւորաբար նախակրթարաններու մէջ այսպէս մտածուած, ծրագրուած մեթոտով յառաջ տանելով իրենց աշխատանքը: Բայց մանաւանդ որքա՜ն կը շահին հայ մանուկներն ու պատանիները, հայ դպրոցը, հայ ժողովուրդը:
Բ. Եղիայեանի գիրքը` «Սերունդի մը դաստիարակութիւնը» դուռ մըն է, որ կրնայ բանալ մանկավարժական դպրոց մը բոլոր անոնց համար, որոնք կը թաղուին անոր ընթերցման մէջ: Հոկտեմբեր ամսուան գիրքն է ան հայ կրթական մշակներուն համար: Թարմացումի սքանչելի առիթ մը:
Մէկ խօսքով,
Դպրոցէն առաջ դպրոց մը…
ԳԱՐԵԳԻՆ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ
8 Հոկտեմբեր 1963
Անթիլիաս

