Կրնա՞ք Առանց Համացանցի Ապրիլ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մէկ տարի առանց համացանցի ապրիլ. այս մարտահրաւէրը ինքզինքին ուղղած է 26 տարեկան ամերիկացի մը, որ մասնագէտ է այս նոր արհեստագիտութիւններուն: Մէկ տարի ետք ան կը պատմէ իր արկածախնդրութիւնը: Սկիզբը կեանքը շատ աղուոր էր, ընտանիքին հետ… Ապա ան սկսած է կամաց,կամաց մեկուսանալ, որովհետեւ ան ձանձրացած էր անդադար ե-նամակներ ստանալէ եւ իր կեանքը ընկերային ցանցերուն վրայ անցընելէ, ան կ՛որոշէ ամէն ինչ դադրեցնել: 30 մայիս ժամը 23:59-ին Փոլ Միլըր կը կեցնէ իր ցանցը, կը մարէ իր Ուիֆին, եւ կը փոխէ իր հեռաձայնը` նախընտրելով աւելի հին ձեւ մը, որ համացանց գործածելու կարելիութիւնը չունի:
Առաջին քանի մը ամիսներուն Փոլ փոխած է իր կեանքը: Ան ուղղակիօրէն յարաբերած է իր ընկերներուն հետ եւ աւելի մասնակցած է իր ընտանեկան կեանքին: Ան սկսած է ֆրիզպի խաղալ եւ հին յունարէն սորվիլ: Սկսած է վէպ մը գրել եւ երկար գործեր կարդալ, ինչպէս` Հոմերոսին «Ոդիսական»-ը կամ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները»: Իսկ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ տեղափոխուելու համար քարտէսներ գործածած է:
Սակայն, ժամանակ մը ետք, ան նշմարած է, որ բոլոր այս բաները իրմէ միշտ աւելի մեծ խանդավառութիւն կը պահանջէին: Ան շատ խանդավառ չէր այլեւս զանոնք իրականացնելու, նոյնիսկ եթէ համացանցը չէր, որ զինք կը հեռացնէր այդ ամէնէն:
Ան կը դադրի գիրքեր կարդալէ, մէջտեղէն կը վերցնէ իր ֆրիզպին եւ հեծիկը: Իրեն այլեւս դժուար կը թուի երթալ իր ընկերներուն տունը: Իր այս մարտահրաւէրի վերջաւորութեան ան իր ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէր մինակը, բազմոցին վրայ նստած, վիտէօ խաղեր խաղալով եւ արձանագրուած գիրքեր մտիկ ընելով:
Վերջապէս, այս փորձը իրեն ծառայեց ինքզինք աւելի լաւ ճանչնալու: Ան պահած է փորձը սկսելէ առաջ իր ունեցած գրեթէ բոլոր առաջնահերթութիւնները, ինչպէս` ընտանիքը, բարեկամները, գործը եւ սորվելու փափաքը: Ան անկեղծօրէն վստահ չէ, որ նոյն ձեւով պիտի կարենայ շարունակել համացանցի վրայ իր վերադարձէն ետք: Սակայն այս փորձը իրեն կարելիութիւնը տուած է անդրադառնալու, որ այդ բոլորը համացանցին յանցանքը չէին: Ան գիտէ, թէ ով է պատասխանատուն, ով կրնայ ամէն ինչ փոխել:
Գիտութեան Համար`
70 Օր Անկողինին Մէջ
ՆԱՍԱ-ն կամաւորներ կը փնտռէ 70 օր անկողինին մէջ անցնելու: Անոր նպատակն է աստղանաւորդներ պատրաստել դէպի անջրպետ ապագայ ճամբորդութիւններու համար:
ՆԱՍԱ-ն արձակած է «Պետ-ռեսթ սթատի» անունով ուսումնասիրութիւնը եւ պատրաստ է կամաւորներուն վճարելու մօտաւորապէս 17 հազար տոլար, որպէսզի անոնք անդադար անկողինին մէջ մնան 70 օր (եւ գիշեր):
Այս ծանուցումը շատ գրաւիչ կրնայ թուիլ, սակայն այս պայմաններուն մէջ քնանալը շատ հանգստացուցիչ չէ: Արգիլուած է անկողինէն ելլել ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ընթացքին: Փորձին մասնակցողները կրնան կարդալ, համակարգիչ գործածել, նոյնիսկ` քիչ մը մարզանք ընել, սակայն` պառկած… ՆԱՍԱ-ն ծոյլեր չի փնտռեր, այլ` ֆիզիքապէս եւ մտքով առողջ անձեր:
***
Այս փորձը պիտի ծառայէ ուսումնասիրելու անշարժութեան հետ կապուած մարմնին փոփոխութիւնները` մկաններու չափազանց տկարացում, դիւրաբեկ ոսկորներ, սրտի հաւանական հարցեր. պառկած վիճակը առողջութեան համար շատ լաւ չէ, երբ անիկա երկար ժամանակ կը տեւէ: Անջրպետին մէջ պայմանները շատ նոյնանման են. աստղանաւորդները շատ ճիգ եւ ֆիզիքական աշխատանք չեն թափեր ճնշումի պակասին պատճառով, Այս պատճառով է, որ Անջրպետի միջազգային կեդրոնին մէջ անոնք պէտք է հետեւին մարզական յայտագրի մը: Ապագային դէպի անջրպետ ճամբորդութիւնները պիտի տեւեն երբեմն ամիսներ, հաւանաբար նոյնիսկ` տարիներ: Աստղանաւորդներուն մարմինները ինչպէ՞ս պիտի յարմարին անշարժութեան նման երկար ժամանակաշրջաններու: «Պետ-ռեսթ սթատին» պիտի օգնէ` հասկնալու այս փոփոխութիւնները:
Բարի՜ գիշեր:
Անջրպետը Աղբամա՞ն
Այո՛, անջրպետին մէջ աղբեր կը շրջին: Մօտաւորապէս 500 հազար անջրպետի աղբ կը դառնայ երկրագունդին շուրջ: Մարդուն կողմէ շինուած այս առարկաները կտորներ են, որոնք հոն լքուած են դէպի անջրպետ ճամբորդութիւններու ընթացքին, առարկաներ, որոնք այլեւս բանի մը չեն ծառայեր, ինչպէս` գործածուած հրթիռներ կամ լքուած գործիքներ:
Գիտնականները կը վախնան, որ այս առարկաները կրնան զարնուիլ տակաւին բանող արբանեակներու կամ անջրպետանաւերու: ՆԱՍԱ-ն յատուկ արբանեակ մը ղրկած է գտնելու համար այս «աղբերուն» վայրը: Ան ՆԱՍԱ-ին նշան մը պիտի ղրկէ, որպէսզի այդ արբանեակը անոր դիմացէն շեղի չզարնուելու համար: Մինչ այդ մեծ խառնակութիւն մը կը տիրէ անջրպետին մէջ:
***
Եթէ մենք ուսումնասիրենք մեր երկրագունդէն մօտաւորապէս 1900 քիլոմեթր հեռուէն առնուած նկար մը, անոր շուրջը պիտի նշմարենք ճերմակ կէտերու ամբողջ խաւ մը: Անջրպետի աղբերը կրնան ըլլալ հին անջրպետանաւեր, հրթիռի կտորներ, արբանեակներ, պայթած հրթիռներու կափարիչներ, պտուտակներ, մեծ գամեր, աղբի տոպրակներ եւ ներկի մանր կտորներ:
***
Անջրպետի աղբերուն մեծ մասին մեծութիւնը հազիւ 10 սմ կամ աւելի փոքր են: Սակայն գոյութիւն ունին տասնեակ միլիոնաւոր մասնիկներ, որոնք 1 սմ աւելի փոքր են: Այս աղբերուն մեծ մասը երկրագունդին շուրջ կը դառնայ ժամական 35,200 քմ արագութեամբ:
Երբ կտոր մը երկրագունդէն նուազ քան 600 քմ հեռու կը գտնուի, ան քանի մը տարի ետք երկրագունդին վրայ պիտի իյնայ: Երբ կտորը երկրագունդին շուրջ կը դառնայ նուազագոյնը 800 քմ բարձրութեան վրայ, անիկա կրնայ երկրագունդին վրայ իյնալ տասնեակաւոր տարիներ ետք: 992 քիլոմեթրէն բարձր, անիկա երկրագունդին շուրջ պիտի դառնայ աւելի քան 100 տարի:
Համացանցին Մասին

Միջին հաշուով, բջիջային հեռաձայն գործածող մը օրական 41,5 ՍՄՍ թեքսթ կը ղրկէ, այսինքն` տարեկան 15,147 թեքսթ: Բջիջային հեռաձայն գործածողներուն երեք չորրորդը կը գործածէ թեքսթերը, եւ մօտաւորապէս 31 առ հարիւրը կը նախընտրէ թեքսթ գրել, քան` հեռաձայնել:

Ուիքիփետիայի կայքէջին մէջ կարելի է գտնել աւելի քան 17 միլիոն յօդուածներ, որոնք գրուած են մօտաւորապէս 91 հազար հեղինակներու եւ մասնակցողներու կողմէ: Ան իր աճումը կը շարունակէ. յօդուածներուն քանակը 21 առ հարիւրի բարձրացաւ 2010-2011:

Աշխարհի ամէնէն շատ այցելուած կայքէջը փնտռտուքներ կատարելու յատուկ Կուկըլ կայքէջն է, որ ամէն ամիս աւելի քան 153 միլիոն այցելու կ՛ունենայ: Ան հրապարակուած է Սթանֆորտ համալսարանը աւարտած Լերի Փէյճի եւ Սերկէյ Պրենի կողմէ, 1998 թուականին: 2008 թուականին ան արձանագրեց իր մէկ 1000,1000 միլիոներորդ էջը: Ան ամէն ամիս կը կատարէ մօտաւորապէս 87 1000 միլիոն փնտռտուք: Ասոր կողքին, կան նաեւ 350 միլիոն անձեր, որոնք կը գործածեն Կուկըլի ե-նամակի հասցէն (ճի մէյլ): Տարիներու ընթացքին Կուկըլ գնած է նաեւ ծանօթ ընկերութիւններ, ինչպէս` Եութուպը, Անտրոյտը, Տապըլքլիքը եւ Պլոկկըրը: Ան աշխարհի տարածքին ունի 20 հազար պաշտօնեայ:

Գերմանիան ամէնէն շատ կայքէջեր ունեցող երկիրն է: Հոն իւրաքանչիւր 1000 անձի համար գոյութիւն ունի 84,7 կայքէջ: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս եւրոպական երկրին մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 7 միլիոն կայքէջեր: Գերմանիայէն կազմուած կայքէջերուն մեծ մասը կը վերջանայ «.de» գիրերով:
Այս երկրին մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան համացանց գործածող 65,1 միլիոն անձեր, այսինքն` բնակչութեան 79 առ հարիւրը: Այս ձեւով Գերմանիա Եւրոպայի ամէնէն շատ համացանց գործածող երկիրն ալ է: Ամէնէն շատ համացանց գործածողները 14-29 տարեկան անձերն են: Ամէնէն շատ բացուող կայքէջերը նման են Միացեալ Նահանգներու ամէնէն փնտռուած կայքէջերուն, ինչպէս` Կուկըլ, Ֆէյսպուք, Եութուպ եւ Հպէյ:
– Մինչ աշխարհի ամէնէն շատ համացանց գործածողներ ունեցող երկիրը Չինաստանն է: Չինաստանը առաջնութեան կ՛արժանանայ իր 485 միլիոն համացանց գործածողներով, այսինքն երկրին մէկ երրորդը: Չինաստանի մէջ այս գործածողներուն թիւը երեք անգամ բազմապատկուած է վերջին հինգ տարիներուն: Մօտաւորապէս 250 միլիոն համացանց գործածողները իրենց փնտռտուքները կ՛ընեն իրենց բջիջային հեռաձայններուն վրայ: Այս հեռաձայնը գործածողներն են, որոնք պատճառն են երկրին մրցանիշ կոտրող թիւին: Մարդիկ մօտաւորապէս 20 ժամ կ՛անցընեն համացանցի վրայ, ամէն շաբաթ: Չինաստանի մէջ բաւական մեծ յաջողութիւն գտնող կայքէջներուն մաս կը կազմեն դրամատան գործողութիւնները եւ ճամբորդութեան տոմսակներու ապահովումը:
Ժամանց





