Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ինչո՛ւ Ազգը Կռնակ Է Դարձուցեր Մեսրոպ Մաշտոցի Հրաշափառ Ուսմունքին (Թարգմանչաց Տօն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որ վաղեմի դարերու ծանրութիւնը իր շալակին, յայտնապէս կը շարունակէ ապրիլ, գոյատեւել, ստեղծագործել, ինքզինք շնչաւորել եւ իր ներկայութիւնը փաստել մարդկային ժամանակակից պատմութեան քարտէսի ճակատին` շնորհիւ տաղանդաւոր սերունդներու ինքնահաստատ փայլատակումներուն:

Պահ մը զանց առնելով քաղաքական ու պետական բնագաւառի առանձնայատկութիւնները, մեր մտածումներուն առանցք դարձնենք հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի ներհուն անդաստանը, որով առաւելաբար յատկանշուած ենք եւ մենք մեզ պարտադրած` ազգերու գեղակերտ խճանկարին վրայ, եւ առանձնաբար, հայ մշակոյթի վիթխարի ներդրումը շաղախած համամարդկային շտեմարանին, այլապէս մեր շրջապատին ցոյց տալով հայ հանճարի իւրայատկութիւնն ու եզակի արժէքը:

Իրօք, հայոց պատմութեան փառքի թէ աղէտաբեր ժամանակաշրջաններուն, ի՛նչն է որ մեզ պահած է ազգովին միաձոյլ` հակառակ բնաջինջ յորձանուտերու, տոկուն եւ դիմադրող` ընդդէմ պառակտեալ իրավիճակներու, անսասան եւ ինքնաճանաչ` այլապէս գոյութիւն ունեցող անդիմագիծ եւ այլասերիչ գործընթացներու, եթէ ոչ այն հրաշափառ ուսմունքը, որ ծնունդն իսկ էր հանճարեղ մտքի տէր անհատի մը, որուն գիտնականի, ազգակերտի ու ապագայատեսի արժանիքները կը մնան գերազանցապէս անկրկնելի:

Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ արդեօք պէ՞տք է բաւարարուիլ համապատասխան առիթներու` ազգային մեր արժէքներուն գովքն ու փայլքը հիւսելով, յաւուր պատշաճի խօսքեր արտասանելով, հաւաքական մեր եսերը շոյելով, յոյզերը արթնցնելով, հպարտութեան ցոլքեր արձակելով, խրախուսիչ արտայայտութիւններ հրամցնելով, եւ աւարտին` Մեսրոպաշունչ հաւատամքին դիմաց, տակաւ մեղկացող մեր հոգիներուն եւ կամքերուն համար թողութիւն խնդրելով, թէ՞ ա՛լ ժամն է հասեր` իբրեւ ազգային դիմագիծ ու արժանահաւատ կեանք ունեցող ժողովրդային հասարակակարգ, ամչնալու նոյնինքն հայ մեծասքանչի ստեղծիչէն եւ Թարգմանչաց սերունդի ռահվիրաներէն:

Փաստօրէն, աւելի քան տասվեց դարերու հեռաւորութեամբ իսկ կարելի է զգալ, ապրիլ ու շնչել հայոց պատուախնդիր առաջնորդին հիասքանչ մտածումը, առաքելատիպ արարքը, գեղեցիկին ու վեհին ձգտելու անոր ուժեղ անհատականութիւնը, ժողովրդանուէրի կոչումը, անմնացորդ ծառայասէրի հայատիպ բնորդը, ազատասէրի ու ազատարարի բոցավառ էութիւնը, ու մանաւանդ` մշակութաստեղծ ղեկավարի մեծութիւնը` ոգեւորուելով այս բոլորով:

Միթէ չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ երբեք Ոսկեդարի խորհուրդն ու  Թարգմաչաց սերունդը նկատենք հայ ոգիի, ինքնութեան, տեսակի ու տիպի, ուրոյն դիմագիծի թէ կազմաւորումի լուսաւոր ճանապարհ եւ ապագայակերտ աւետարանիչներ:

Միւս կողմէ, գաղտնի՞ք յայտած կ՛ըլլանք եթէ երբեք անձնաւորենք 5-րդ դարու մէն մի մտաւորական սխրանք, խոհ ու երեւակայութիւն, ապրում եւ գիտակցութիւն, վճռակամ կեցուածք թէ պայքարելու ունակութիւն, որոնց մեկտեղումով ազգը հաստատեց լինելութեան իր ուղին, ճգնեցաւ, հաւատաց ու դարեր շարունակ հաւատարիմ մնաց անոնց կենսագործումին եւ գոյութենական իմաստին:

Այո՛, ինչպէ՛ս չներշնչուիլ Թարգմանչաց սերունդի իրագործումներէն, երբ անոնք իրենց գիւտարարի, ուսումնատենչի, դպրոցաստեղծի թէ դաստիարակի նուիրական արժանիքներուն ագուցեցին հայաշունչ այնպիսի հայեցակարգ, որով կրցան տոկալ ու դիմակայել ատենի ռազմատենչ կայսրութիւններու նկրտումներն ու անոնց այլասերումի քաղաքական կողմնորոշումները:

Ի դէպ, մտահան պէտք չէ ընել վճիտ իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշափառ մտածումներուն եւ խանդավառութեան թեւ եւ թիկունք հանդիսացան եւ իրենց անգնահատելի աջակցութիւնը ցուցաբերեցին հայ պետական աւագանին եւ հոգեւոր դասը, յանձինս` Վռամշապուհ արքայի եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի:

Հայոց դարաւոր պատմութիւնը փառաւոր յաղթանակներու առընթեր արձանագրած է նաեւ բարբարոս դիպաշարերու ամբողջ շարան մը, ուր եւ խնդրոյ առարկայ են դարձած գոյութենական տարրական հասկացողութիւններ (հայրենիք, պետականութիւն, անկախութիւն, եւ այլն):

Այսուհանդերձ, քաջ կը հաւատանք, թէ պատրանքներ սնուցանելու ժամանակները վաղուց են իրենք զիրենք սպառած` պատճառ դառնալով նորահաս սերունդներու ինքնութեան աղաւաղումին եւ դիմագիծի տակաւ այլասերումին:

Այլ խօսքով, սփիւռք դարձած հայ իրականութեան այսօրն է, որ մեզ կը մտահոգէ, մօտիկ ապագայի նկատմամբ առաջադրանքներու եւ ստեղծարար մտածումներու բացակայութիւնն է, որ մեզ յուսալքումի կ՛առաջնորդէ, հայութենէ հեռացողներու քանակի աճն է, որ մեզ կը հիասթափեցնէ, հայ վարժարանի նկատմամբ հաւատքի ու սիրոյ տակաւ շիջումին դաժան պատկերն է, որ մեզ կը չարչրկէ, աւելի՛ն. ազգային հոգեմտաւոր արժէքներէ պարպուելու, օտարանալու եւ կորսուելու հակամէտ մտայնութիւններու, մօտեցումներու թէ վարքագիծերու տարածումին դէմ, հաւաքական մեր ամլութեան, ապիկարութեան եւ անկարողականութեան օրըստօրէ խորացումն է, որ մեզ հաւաքաբար կը բարոյալքէ, կը զգետնէ, կ՛անճիտէ:

Բոլոր պարագաներու, կան դիպուկ պատկերներ, որոնք այլապէս խոր մտածումի պէտք է առաջնորդեն մեզ` հաւաքաբար:

Ի՛նչ բացատրութիւն տալ ի տես այն երեւոյթին, երբ հայ գիրքի ու տպագիր մամուլի ճակատագիրը արդէն իսկ յանձնուած է դաժան ինքնամաշեցումի յորձանուտին, հակառակ այս ուղղութեամբ տարուած շնորհակալ աշխատանքներու եւ միջանկեալ նախաձեռնութիւններու:

Ո՛ւր պէտք է փնտռել հայ գիրքը շնչաւորելու գաղտնիքը, երբ օտար շրջանակներու մէջ ականատես ենք տպագիր գիրքի բազմացումին եւ վաճառքին:

Փաստօրէն, միայն կրնանք ափսոսա˜լ, երբ մեր մտաւորական հետաքրքրութիւնները յագեցնելու դիտաւորութեամբ, այցելութիւն մը կու տանք տեղական հանրածանօթ գրատուներու եւ ականատես կը դառնանք գեղատիպ գիրքերու այլազանութեան, ստուար քանակի, բազում բնագաւառներ ընդգրկող թէ առաւել ճոխութեամբ յատկանշուող տպագրութիւններու, ու մանաւանդ` գնորդներու:

Միւս կողմէ, խուսափելու համար դասականցած մատնանշումներէ, դպրոցական ցանցի թէ կրթական համակարգի մասին ախտանշումներ կատարելէ, մեծագոյն մարտահրաւէրը կը մնայ այն, թէ ինչպիսի՛ հանճարեղ մտածումներու ճառագայթումով, կամքի լարումով թէ նախանձախնդիր ոգիի պայծառութեամբ,  հարկ է լծուիլ գերմարդկային առաջադրանքներու կենսագործումին, գէթ մասամբ կասեցնելու համար  ներհայակական թաւալգլոր կացութիւնը, փրկելու` հայ վարժարանին վիճակուած տխուր վախճանը (հետագայ տարիներու հաշուոյն),  սնուցանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթը առհասարակ, որպէս առողջ գրաւական համազգային պաշտպանուածութեան:

Ցաւ ի սիրտ, համայնակուլ հոսանքներու դիմաց, երբ ամբողջ ազգի մը լինելութեան պատուանդանն անգամ ենթակայ է տատանումի, մաշեցումի եւ ստոյգ կորուստի, ամէն քայլափոխի կը հանդիպինք հայ մտքի շորորանքներու, խարխափումներու, խաղքութիւններու ու դշխեմ պատկերներու:

Փաստօրէն, հայ պետական մտածողութիւնն անգամ ցոյց կու տայ որոշակի թուլութիւն եւ կամ անտարբերութեան աստիճանաւորումներ`  ի տես հայ ինքնութեան տակաւ այլասերումին եւ կորուստին:

Իրազե՞կ ենք, թէ այլ ժողովուրդներու պարագային (ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, յունարէն եւ այլն), որպէսզի պահուի ու պաշտպանուի մայրենին, պետականօրէն ինչպիսի միջոցառումներու կը դիմուի, ստեղծելու համար այնպիսի պաշտպանական համակարգ մը, որ կարողութիւնը պիտի ունենայ դիմակայելու` առաջին հերթին այսօրը, ապա հետագայ տասնամեակները:

Այլ խօսքով, մտածա՞ծ եւ կամ մեր հետաքրքրութիւնները սրա՞ծ ենք էապէս հասկնալու, թէ ինչ կը կատարուի մեր շրջապատին մէջ:

Ի դէպ,  վերոնշեալ երկիրներու պետական կառոյցները գրեթէ ամէնօրեայ հասկացողութեամբ, լրջութեամբ, կարգապահութեամբ թէ   բազմամիլիոն գումարներու ներդրումով, տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին, եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու ճամբով կը բարեկարգեն, կը բարեփոխեն, կ՛որակաւորեն եւ ներկայ ժամանակներու համահունչ հայեցակարգեր կը մշակեն, ստեղծելու համար պաշտպանական այն համակագը, որով պիտի կարենայ տոկալ ազգը համակ:

Իսկ մենք, առանց ստորագնահատումի, իբրեւ պետականութիւն թէ ազգային հաւաքական միջավայրեր, կը տառապինք «պէտք է ընել»¬ներու ճոռոմաբանութենէ, անհարկի տեսակէտներ յայտնելէ, սիրտ ու հոգի մաշեցնող կրկնաբանութենէ, եսակեդրոն բարդոյթներէ, եւ մասամբ նորին:

Միւս կողմէ, հաւանաբար, խորհրդաժողովներ կազմակերպելու ախոյեանութեան ջահակիր կը հանդիսանանք, այլազան նիւթերու վերաբերող, սակայն, ինչպէս միշտ, անարդիւնաւէտութեան բարդոյթն է, որ մեզ` հաւաքաբար կը հալածէ ամէնորեք:

Միթէ ժամանակը չէ՞ հասած, հայ քաղաքական մտքին ու կամքին հրապոյրն ու ճարճատիւնը վայելելու, անոնց առոյգ ու ժիր, ազգակերտ եւ տիպար աշխատանքին բերքը քաղելու` յանուն հայ կեանքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան:

Եւ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ ազգային կառոյցներ` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն սկսած են գործել ինքնանպատակ, ինքնագոհ, առանց ըմբռնելու, թէ անոնց քանակական նուազումով թէ որակական մաշեցումով` արդէն կամայ ճամբան հարթած կ՛ըլլանք ինքնութեան կորուստին:

Աստուածահաճոյ ու գերազանցապէս հայաշունչ տիպար Մեսրոպ Մաշտոց դեռ խաւար դարերուն, յանդգնութիւնը ունեցաւ կատարելու անկարելին, ըմբռնելու անհասկնալին, եւ, շնորհիւ գիտնականի իր կոչումին, ուժեղ անհատականութեան, ապառաժեայ կամքին ու մանաւանդ պայծառատեսի իւրայատկութեան, ան յաջողեցաւ փրկել իր ժողովուրդը ստոյգ մահէ, հարթեց հետագայ դարերու լուսաւոր ուղին եւ ամրապնդեց ազգային ինքնութեան ու ճանաչումի ամէնէն զօրեղ զէնքը` հրաշափառը մեծասքանչը` հայոց այբուբենը:

Այսօր, շատ անգամ կը դժկամինք նոյնիսկ մեր տխուր եւ ամօթալի կացութիւնը պարզելէ, հասարակական գիտակցութեան արժեչափերը ընդգծելէ, հայ պետական աւագանիի թէ պատասխանատուութիւններ ստանձած անհատներու թերութիւնները մատնանշելէ, անդին,  ազգեր ու ժողովուրդներ օրն ի բուն լծուած են արդի արհեստագիտութեան բարիքները վայելելու, յառաջդիմական մտածողութեան տիրութիւն ընելու,   ազգագրական, ընկերային թէ տնտեսական բնագաւառները առաւել չափով ամրապնդելու, եւ այս բոլորը` յանուն ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանումին:

Եւ, պիտի ըսենք, որ Մեսրոպի եւ իրեն հետեւորդներուն կը պակսէր քաղաքական մտածողութի՞ւն, գիտականութեամբ լիացած գործելու ընդունակութի՞ւն, ինքնագիտակցութեան թէ հայրենասէրի յատկութի՞ւն, յամառօրէն պայքարելու կամեցողութի՞ւն, որոնցմով կրցաւ ապահովել յաղթանակներու ամէնէն պայծառն ու անգերազանցելին:

Այո՛, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Թարգմանչաց սերունդը յաջողեցան կերտել ազգ ու մշակոյթ, ստեղծել հայադրոշմ հայրենիք, փոխանցել  դէպի ապագայ ճախրող երաշխիք:

Իսկ գաղտնի՞քը նման հանճարեղ մարդոց յաջողութեան, անոնք պարզապէս հաւատացած էին իրենց աշխատանքին, կառչած ազգային հաւատամքին եւ հոգեպէս զրահաւորուած Արարատի լանջին:

Արդ, լիանալ ու զօրանալ է պէտք անոնց մեծութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES