Ճատրակ. Լիբանանի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւն. Տիտղոսին Համար Պայքարը` Շահրուրի Եւ Նաժժարի Միջեւ
Այսօր` շաբաթ, 12 հոկտեմբերին, կը յստականայ Լիբանանի ճատրակի տղոց ախոյեանին անունը` Իպրահիմ Շահրուրի եւ Ահմետ Նաժժարի միջեւ կայանալիք թայ-պրէյքի մրցումին լոյսին տակ:
11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան անակնկալ արդիւնքներ, որոնց ընթացքին, Անթուան Ասսիս պարտուեցաւ Ամրօ Ժաուիշէն, Իպրահիմ Շահրուր հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մահմուտ Մաասարանի հետ, մինչ Ահմետ Նաժժար յաղթեց Պասել Շարաֆի:
Թայ-պրէյքի այս մրցումը պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ, հակառակ իր փոքր տարիքին (16 տարեկան), Շահրուր պիտի մրցի ճատրակի մարզին մէջ բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցող Նաժժարի դէմ:
11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
1.- Իպրահիմ Շահրուր եւ Ահմետ Նաժժար` 8-ական կէտ, 3.- Անթուան Ասսիս` 7,5, 4.- Ֆայսալ Խէյրալլա, Պասել Շարաֆ եւ Ապտել Ազիզ Մահմուտ` 6,5-ական եւ 7.- Ամրօ Ժաուիշ` 6:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը, իր հրապարակած այս լուրին զուգահեռ յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը եւ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 13 հոկտեմբերին` երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ):

