Ճատրակ. Յովհաննէս Կապուզեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան Պուտվայի մէջ (Մոնթենեկրօ) աւարտած Եւրոպայի ճատրակի ախոյեանութեան, 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ փոխախոյեան:

Armchess.am-ը կը նշէ, թէ Կապուզեան արծաթ մետալին տիրացաւ նաեւ 2011-ին եւ 2012-ին` յաջորդաբար 16 եւ 18 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ան 2012-ին, աշխարհի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն եւս հանդիսացած է երկրորդ:

Share this Article
CATEGORIES