Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մասնակցեցաւ «Արարատ-73»-ի Մեծարման Երեկոյին
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ «Արարատ-73»-ի մեծարման երեկոյին:
1973 թուականին` մէկ տարեշրջանի ընթացքին, Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր հանդիսացած խումբին փառաւոր յաղթանակի 40-ամեակին առիթով կազմակերպուած երեկոյին ընթացքին նախագահ Սարգսեան Երեւան Արարատ ֆութպոլի ակումբին վեթերանները պարգեւատրեց պետական բարձր պարգեւներով եւ անոնց շնորհեց պատուաւոր կոչում հայկական ֆութպոլի զարգացման իմաստով անոնց ունեցած նշանակալից աւանդի եւ ձեռք բերած փայլուն նուաճումներուն համար:
70-ականներու ոգեւորութեան մասին խօսելով` նախագահը յիշեց, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր երեխայ կը փորձէ ինքզինք նմանցնել «Արարատ-73»-ի հերոսներէն մէկուն:
Նախագահին համոզումով, Արարատը իր որոշակի ազդեցութիւնը ունի նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ներկայի հաւաքականին վրայ, որ իր իսկ գնահատականով, կը հանդիսանայ Խորհրդային Միութեան երկիրներու լաւագոյն հաւաքականներէն մէկը:
Նախագահը, իր եւ համայն հայ ժողովուրդի անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց «Արարատ-73»-ի վեթերաններուն` մաղթելով առողջութիւն, միեւնոյն ժամանակ ալ փափաք յայտնեց, որ անոնք միշտ ըլլան հայրենի հաւաքականին եւ անոր ֆութպոլիստներուն կողքին:
Այս մեծարման երեկոյին ներկայ էին նաեւ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Եուրի Վարդանեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան եւ ուրիշներ:
Նախարար Վարդանեան շարք մը ֆութպոլիստներուն շնորհեց միջազգային մարզական կարգի վարպետի կոչում եւ զանոնք պարգեւատրեց նախարարութեան ոսկի մետալով եւ յուշամետալով:
Իսկ նախագահ Սարգսեան բոլոր վեթերաններուն յանձնեց դրամական պարգեւներ:

