2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստան Յաղթեց Պուլկարիոյ 2-1 Արդիւնքով

 

 

 

 

 

 

 

Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Պուլկարիան, ի վերջոյ յաջողեցաւ Հրազդան մարզադաշտին վրայ յաղթանակ մը արձանագրել (զտումի այս մրցաշարքին վերաբերող), երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: 

Երէկ` ուրբաթ, 11 հոկտեմբերին, Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցաւ 2014-ի Մոնտիալի Հայաստան – Պուլկարիա զտումի մրցումը, որ կ՛իյնայ Բ. խմբակի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:

Հայաստանի հաւաքականը ոչ միայն իր մրցակիցէն մարզական վրէժ մը լուծեց` երթի իր կրած պարտութեան, այլ նաեւ յաջողեցաւ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը` չորս պարտութիւն կրելէ ետք, յաջորդաբար` Իտալիայէն (3-1), Չեխիայէն (3-0), Մալթայէն (1-0) եւ Դանիայէն (1-0):

Ա. կիսախաղին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ Արազ Օզպիլիս սքանչելի ազատ հարուածով մը բացաւ մրցումին հաշիւը, մինչ Պուլկարիոյ բերդապահը կը մնար դիտողի դերին մէջ:

Նախքան կոլի նշանակումը Պուլկարիոյ մարզիկներէն Նիքոլայ Պոտուրով իր կոշտ խաղարկութեան պատճառով կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Հիւր կազմը, Օզպիլիսի նշանակած կոլին նման, կոլ մը նշանակեց, շնորհիւ` խմբապետ Իվելին Փոփովի (61-րդ), ազատ հարուածէ մը ետք:

Երկու վայրկեան ետք, անոր խմբակից Սվեթոսլաւ Տիաքով, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով` հետեւեցաւ Պոտուրովի օրինակին:

Բաւական պայքար մղելէ ետք հայրենի կազմը յաջողեցաւ անգամ մը եւս ցնցել Պուլկարիոյ բերդը եւ տանիլ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Եուրա Մովսիսեանի կողմէ նշանակուած կոլին (87-րդ):

Այսպիսով, 9 մրցումէ Հայաստան ապահովեց մրցաշարքի իր 12-րդ կէտը` սպասելով զտումին իր կատարելիք վերջին մրցումին` Իտալիոյ դէմ (երեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին):

Նշենք, որ երէկուան մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած հազարաւոր հայ համակիրներուն կողքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES