Եգիպտական Բանակը Կը Քննարկէ Ամերիկեան Օժանդակութեան Սառեցման Հարցը

Եգիպտական զինեալ ուժերու պաշտօնական բանբեր զօր. Ահմատ Մուհամատ Ալի` անդրադարձած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին իրեն վերագրած խօսքին: Ըստ թերթին, ան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ իրենց տրամադրուած օժանդակութիւնները սառեցնելով` լքած են Եգիպտոսը, մինչ վերջինս ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի, եւ թէ պէտք է Սուէզի ջրանցքէն ամերիկեան նաւերու անցքին վերաբերեալ յատուկ համաձայնութիւնները բարեփոխել` նշելով, որ «Եգիպտոսի հասած օժանդակութիւնները երկկողմանի յարաբերութեանց ծիրին մէջ կ՛իյնան»:

Ան յայտնեց, որ բանակը «ներկայիս այդ հարցը պիտի չմեկնաբանէ, այլ զայն կը սերտէ»:

Զօր. Ալի հաստատեց, որ` «եգիպտացի ժողովուրդն ու բանակը կը գնահատեն անցնող տասնամեակներու ընթացքին Ուաշինկթընի` Եգիպտոսին ցուցաբերած աջակցութիւնը»:

 

Share this Article
CATEGORIES