Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Սահմանին Վրայ Զինեալ Միջադէպ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի հարաւային կողմը` Իրանի սահմանին վրայ, զինեալ միջադէպ մը տեղի ունեցած է:

Փոխհրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է ազրպէյճանցի սահմանապահներու եւ իրանցի մաքսանենգներու միջեւ, որոնք փորձած են ապօրինաբար կտրել սահմանը: Միջադէպին իբրեւ հետեւանք` զոհուած է սահմանը կտրած իրանցի քաղաքացի մը, մէկ այլ քաղաքացի ձերբակալուած է:

Հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES