Քիւրտ Զինեալներ 5 Իրանցի Զինուոր Սպաննած Են
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը տեղի ունեցած քիւրտ զինեալներու հետ բախումի մը ընթացքին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամ 5 զինուորներ սպաննուած են, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուելով` փոխադրուած են հիւանդանոց:
«Ֆարս» լրատու գործակալութեան տուեալներով` բախումները տեղի ունեցած են հինգշաբթի օր, քրտական Պանէ շրջանին մէջ, որ սահմանակից է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին:
Ապրիլ 2012-ին քիւրտ զինեալները նոյն վայրին մէջ իրանցի չորս զինուորներ սպաննած էին:
CATEGORIES Միջազգային

