Լիթուանիոյ Մէջ Արգիլած Են Ռուսական Պատկերասփիւռի Կայանի Մը Սփռումը
Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի յանձնաժողովը, որ կը վերահսկէ պատկերասփռման եւ ձայնասփռման դաշտին, երէկ խորհրդարանին մէջ առաջարկած է արգիլել ռուսալեզու «Փ.Պ.Ք.» պատկերասփիւռի հաղորդումները: Որոշումը որդեգրուած է միաձայնութեամբ:
Սփռումը պիտի արգիլուի երեք ամիս եւ, որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ Վիլնիուսի շրջանային վարչական դատարանին կողմէ հաստատուելէ ետք: Եթէ ատկէ ետք «Փ.Պ.Ք.»-ն շարունակէ հաղորդումները, յանձնաժողովը քննարկման պիտի դնէ արտօնագիրի չեղեալ համարման հարցը:
Յանձնաժողովի յանձնարարականը «Փ.Պ.Ք.»-ի համար գործնական գետնի վրայ պատկերասփիւռի փակում կը նշանակէ, որովհետեւ ռուսական արտադրութեան շարժանկարները եւ ծրագիրները կը գրաւեն պատկերասփիւռի եթերին 70 առ հարիւրը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ հսկողութիւն կատարող «Ռոսփոթրեպնատզոր» դաշնակցային ծառայութիւնը 7 հոկտեմբերէն սկսեալ դադրեցուցած էր Լիթուանիայէն կաթնամթերքի Ռուսիա ներածումը` անոր որակին վերաբերող խնդիրներու պատճառով:

