Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկարաձգած Է Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Գործողութիւններ Կատարելու Լիազօրութիւնը
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը երկարաձգած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային այնտեղ զինուորներ ուղարկելու վերաբերող տարեկան լիազօրութիւնը:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ նախապէս դիմած էր խորհրդարանին` լիազօրութիւնը երկարաձգելու խնդրանքով: Նախկին լիազօրութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 17 հոկտեմբերին:
Թրքական բանակը պարբերաբար օդուժի գործողութիւններ կը կատարէ Հիւսիսային Իրաքի մէջ հաստատուած քիւրտ զինեալներուն դէմ, որուն համար Թուրքիոյ խորհրդարանը կառավարութեան տարեկան լիազօրութիւն կը տրամադրէ:
CATEGORIES Միջազգային

