«Ժընեւ-2»-ի Յաջողութիւնը Կախեալ Է Սուրիական Հասարակութեան Բոլոր Հատուածներու Շահերու Ներկայացուցչութենէն» Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին յաջողութիւնը կախեալ է սուրիական հասարակութեան բոլոր հատուածներու շահերու եւ առնչակից դերակատարներու ներկայացուցչութենէն»: Ան ողջունեց «Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումը»:

Լաւրով քուէյթցի իր պաշտօնակիցին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զգուշացուց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու հոլովոյթը ձախողութեան մատնելու որեւէ գրգռութենէ` նշելով, որ զանգուածային զէնքերէ զուրկ Միջին Արեւելքի շուրջ խորհրդաժողովի մը գումարումը ձգձգելը «շինիչ չէ»:

Լաւրով աւելցուց, որ` «Ապահովութեան խորհուրդը կ՛աջակցի Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները քննարկելու յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի մը գումարման»` նշելով. «Սուրիացիները իրենք Ժընեւի խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի գտնեն լուծումը»:

Լաւրով ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ հանդիպումներ ունեցայ եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու շուրջ հասարակաց կեցուածք մը գոյացուցինք»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Տեղեկութիւններ ստացանք, որ շարք մը երկիրներ, ներառեալ Աֆղանիստանը, սուրիական ընդդիմութենէն զինեալներ մարզելու վայրեր կը տրամադրեն»` նշելով, որ «սուրիական ընդդիմութենէն ոմանք կը ջանան Միջազգային խորհրդաժողովի գումարումը արգելակել»: Ան աւելցուց, որ` «տեղեկութիւններ ունինք, թէ Ժապհաթ Նուսրան թունաւոր նիւթեր Իրաքի մէջ օգտագործելու համար զանոնք իրաքեան հողամասեր տեղափոխելու ծրագիր մը ունի»:

Share this Article
CATEGORIES