Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Զինեալ Բախումները Վերսկսան
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը երէկ երեկոյեան վերսկսան` պատճառելով մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնց կարգին, հանգստեան կոչուած մաքսատան գնդապետ մը:
Մալլուլէի մէջ զինեալ երեւոյթներէն ետք բանակը փակեց նաեւ Պապ Թըպպանէն Ժապալ Մըհսենի միացնող «Թալաաթ Շամալ» ճամբան:
Զինեալ երեւոյթներուն կողքին, զինեալները Մալլուլէի հրապարակին վրայ հրկիզեցին ինքնաշարժի անիւներ, ինչպէս նաեւ վնասներ պատճառեցին հրապարակին վրայ գտնուող ինքնաշարժներուն:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը փակեց Թրիփոլի-Աքքար միջազգային ճամբան, արձակազինութենէ պահպանելու համար քաղաքացիները:
CATEGORIES Լիբանանեան

