Ռաատ. «Հըզպալլա Կառավարութեան Կազմութեան Նախապայմաններ Չի Պարտադրեր»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա նախապայմաններ չի պարտադրեր, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը կազմելու ջանքերը չի խոչընդոտեր, այլեւ` կ՛երաշխաւորէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին դիմաց ուղիները բաց պահելու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք կը փափաքինք ունենալ կառավարութիւն մը, որ կը գործէ եւ կը յաջողի, ինչպէս նաեւ կը փափաքինք, որ իշխանութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնող բոլոր անձնաւորութիւնները իրարու միջեւ համաձայնութիւններ գոյացնեն` քաղաքացիներուն եւ երկրին աշխատանքներուն հեզասահ ընթացք մը ապահովելու նպատակով», ըսաւ ան:

Ռաատ յայտնեց, որ ոմանք չեն ուզեր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւն անունը նշել, որովհետեւ այլոց ծրագիրներուն կ՛ուզեն անսալ եւ Դիմադրութեան դէմ պայքարիլ ու զայն ապազինել:

«Այս կողմերը չեն փափաքիր, որ Դիմադրութիւնը կառավարութեան մաս կազմէ, որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակն է քանդել Դիմադրութիւնը, իսկ երբ մենք կը պահանջենք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութիւնը նկատի ունենալ, մեզ կ՛ամբաստանեն նախապայմաններ դնելու յանցանքով», շեշտեց ան:

Ռաատ ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը ձախողեցնել փափաքող կողմը կ՛ուզէ զայն Միացեալ Նահանգներու գրպանը տեղաւորել, «իսկ մենք կը հաստատենք, որ եթէ շրջանին մէջ յաւելեալ արժանապատուութիւն եւ կայունութիւն գոյութիւն ունի, ապա այդ ալ Դիմադրութեան շնորհիւ է, որովհետեւ Դիմադրութիւնը իր պատասխանատուութիւնը բարձր հոգիով կը գործադրէ», ըսաւ Ռաատ:

Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը զէնք ունի, սակայն անոր զէնքը փողոցային զէնք չէ, այլեւ` պատասխանատու զէնք, որուն ուղղութիւնը դէպի Իսրայէլ է:

 

Share this Article
CATEGORIES