Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Դռնփակ Հանդիպում

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ առաւօտեան սկսաւ իր դռնփակ հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Պէյթ Մերիի Մար Եուհաննա Քալաա վանքին մէջ:

Հանդիպումին նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցին, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած տագնապին եւ շարք մը այլ հարցերու:

Զօր. Աուն խստիւ քննադատեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Ան նշեց, որ իրենք բազմիցս յայտնած են Միքաթիի, թէ ան իրաւունք ունի Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու, սակայն իրաւունք չունի Աքքարի, Արսալի, Թրիփոլիի եւ Սայտայի հանդէպ նման կեցուածքով ներկայանալու, «սակայն Միքաթի պատասխանատուութենէ փախուստ տալու ախոյեան մըն է, եւ այդ իրականութիւնը մնայուն կերպով կը պատճառաբանէ ըսելով, որ կառավարութիւնը աններդաշնակ է», ընդգծեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն ակնարկեց նաեւ Լիբանանի քարիւղի թղթածրարին` շեշտելով, որ ոչ ոքի համար յստակ է, թէ ո՛վ է լիբանանեան քարիւղի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքները սկսելու քայլը խոչընդոտողը:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պաղեստինցի գաղթականներուն գաղթակայանը չէ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` չբաւարարուելու երկրին մէջ փտածութեան գոյութիւն մատնանշելու քայլով եւ աւելցուց, որ այդ փտածութեան կասեցումը նաեւ լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է:

Դռնփակ հանդիպումին աւարտին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց համախմբումէն բխած որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ գործակցութեան կարեւորութիւնը` յատկապէս վայրագութիւնը կասեցնելու, տագնապները լուծելու եւ երկու կրօններուն միջեւ մերձեցումին հեզասահ ընթացք տալու իմաստով:

Քանաան շեշտեց, որ միա՛յն այդ ձեւով կարելի կ՛ըլլայ պահպանել Արեւելքի բազմազանութիւնը եւ անոր ընդգրկած բոլոր շերտերուն պահպանումը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց նաեւ` տարբեր իշխանութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պարտադրելու` բարելաւելով հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները:

Համախմբումը կոչ ուղղեց` մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ իսկական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր խորհրդարան մը ընտրել եւ երկրին դիմագրաւած հարցերը լուծել:

Համախմբումին որդեգրած որոշումները ընդգրկեցին նաեւ հետեւեալը. «Տարեցներու ապահովագրութեան օրէնքի վաւերացում, ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգման համար որդեգրուած ծրագիրի ամբողջական գործադրութիւն, ջրամբարներու կառուցում, լիբանանեան ծագում ունեցող անհատներուն լիբանանեան քաղաքացիութեան պարգեւում, Իսրայէլ ապաստանած լիբանանցիներու թղթածրարի լուծում»:

Share this Article
CATEGORIES