Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Էօզեըլտըզն Ու Ահմետ Քարամէն

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք թուրք դեսպանը մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել:

Միքաթի ընդունեց նաեւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան պատուիրակութեան Ինտոնեզիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ շեշտեց, որ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը Ինտոնեզիա այցելեց քննարկելու համար Ինտոնեզիոյ մէջ ծովամոյն դարձած լիբանանցի նահատակներուն թղթածրարը:

Քարամէ յայտնեց, որ այս նպատակով իրենք Ինտոնեզիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցան նախարարներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ կրցան ազատ արձակել 18 լիբանանցիներ, որոնք կալանքի տակ էին, 6 ուրիշներ, որոնք բանտարկուած էին, ինչպէս նաեւ 10 ուրիշներ, որոնք Ճաքարթայի մէջ պատսպարուած էին:

Քարամէ աւելցուց, որ անոնք բոլորը ողջ առողջ հասած են Լիբանան:

Անդրադառնալով լիբանանցի նահատակներուն` Քարամէ յայտնեց, որ անոնց վերադարձը ուղղակիօրէն կախեալ է ինտոնեզիական իշխանութիւններէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES