Պաապտայի Մէջ . «Կառավարութեան Կազմութեան Նախապայմաններն Ու Խոչընդոտները Հետզհետէ Կը Բազմանան» Շեշտեց Վարչապետը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց` կառավարութեան կազմութեան յանձնառութիւնը այլ մարտահրաւէրներէ զանց կացուցելու:

Սալամ շեշտեց, որ, հակառակ անոր որ կառավարութեան կազմութեան առումով զարգացումներ չկան, սակայն ինք պիտի շարունակէ կառավարութիւն կազմելու իր յանձնառութիւնը:

Սալամ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հետզհետէ բազմացող նախապայմաններն ու խոչընդոտները զիրենք կը մղէ ստանալու այն տպաւորութիւնը, թէ քաղաքական անձնաւորութիւնները կառավարութիւն կազմելու նպատակ չունին:

«Ինծի վստահուած այս առաքելութենէն պիտի չհրաժարիմ, բացի երբ վստահ ըլլամ, թէ այս իմաստով բոլոր ջանքերը ապարդիւն պիտի ըլլան», ըսաւ Սալամ` մաղթելով, որ Ատհայի տօնէն ետք իրենց համար պատկերը աւելի յստակ ըլլայ:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով միայն մէկ տարազ չէ որդեգրուած` աւելցնելով, որ բոլոր կարելիութիւնները առկայ են եւ քննարկելի:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն, յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ ինք պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու:

«Կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը դիւրին չէ, սակայն ան նաեւ պէտք չէ անկարելի ըլլայ», նշեց Սալամ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել:

Share this Article
CATEGORIES