Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Խօսքը Պիտի Ուղղէ Հայ Դատի Նուիրուած Պրիւքսէլի Համագումարին

 

 

 

 

Հոկտեմբեր 13-15 Պրիւքսէլի մէջ (Պելճիքա) յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան երկու համագումարներ` Հայ դատի նուիրուած, կազմակերպութեամբ Պրիւքսէլի Հայ դատի գրասենեակին:

Առաջին համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի հայ համայնքներու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ համագումարին` ցեղասպանութեան եւ միջազգային օրէնքի օտար մասնագէտներ:

Երկու համագումարներուն ալ վեհափառ հայրապետը իր խօսքը պիտի ուղղէ:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ` Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:

Share this Article
CATEGORIES