Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոնը» Վէպի Շնորհահանդէս

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեան ընթերցողին դատին յանձնած է իր առաջին գրական ստեղծագործութիւնը` պատմական, քրիստոնէական, գաղտնի ոստիկանական ոճով գրուած: Ռուսերէնով տպագրուած «Մանդիլիոնը» գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 11 հոկտեմբերին «Զանգակ» հրատարակչատան մէջ:

Առաջին գնորդները հեղինակին ընկերներն ու գործընկերներն էին, հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործիչները, որոնք կարելիութիւն ունեցան գիրքը ստանալու հեղինակին մակագրութեամբ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վ. Յովհաննիսեան նշեց, որ ինք իր ըսելիքը գեղարուեստական ոճով ներկայացնելու տարբերակը ընտրած է այն պատճառով, որ վէպին մէջ արտայայտուած գաղափարները այլ` քաղաքագիտական, հասարակական ոճով ներկայացնելը ժամանակավրէպ կը դարձնէ գիրքը: «Մարդկանց ուղեղների համար պէտք է պայքարել աւելի պարզ եւ գրաւիչ ձեւերով, քան պարզապէս քարոզչութեամբ», ընդգծեց հեղինակը: Անոր համաձայն, «Մանդիլիոնը» հայերէնով կը նշանակէ «Անձեռագործ դաստարակ»` քրիստոնէական մասունք, որ կապուած է վաղ ժամանակաշրջանի հայկական պատմութեան հետ: Գիրքին մէջ գործողութիւնները կ՛ընթանան պատմական հենքին վրայ` տարբեր դարաշրջաններու ընդմէջէն:

Շնորհահանդէսին սկիզբը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, Յովհաննիսեան կատակեց, որ եթէ հանդիպման առիթը ցոյց ըլլար, ապա անպայման ներկաներուն կէսէն աւելին չէր գայ: Հեղինակը խոստովանեցաւ, թէ դժուար է խօսիլ գիրքի մը մասին, զոր հաւանաբար ճնշող մեծամասնութիւնը չէ կարդացած, սակայն յոյս յայտնեց, որ ապագային շատերը կ՛ընթերցեն վէպը եւ որոշ ժամանակ ետք քննարկում կը կազմակերպուի: «Ես վստահ եմ, որ կը լինեն նաեւ անհամաձայն մարդիկ, մարդիկ, ովքեր գրքում արտայայտուած գաղափարները կամ մտքերը կը համարեն սխալ: Եթէ բոլորը համարէին ճիշդ, ուրեմն, այդ գիրքը ոչ մի բան չարժէ», յայտնեց Յովհաննիսեան:

Բացատրելով գիրքի նախաձեռնութեան առիթը` քաղաքական գործիչը պատմեց, որ ժամանակին նկատած է, թէ շատ փայլուն, գեղեցիկ ձեւաւորուած վէպեր կը հրատարակուին միջազգային բնագաւառին մէջ, ուր քրիստոնէութեան աղաւաղումը կը կատարուի շատ ճկուն եւ ճարպիկ կերպով, ինչ որ պատճառ կը դառնայ արժէքային համակարգի ոչնչացման, մասնաւորաբար երիտասարդներու շրջանակին մէջ:

«Յաճախ գրքերում կատարւում է մի շատ հին աղանդի գաղափարների վերադարձ, որտեղ խօսւում է այն մասին, որ Յիսուս Քրիստոսը շատ լաւ մարդ է եղել, սուրբ, բարի, ջերմ, բայց մարդ է եղել, նոյնիսկ ընտանիք է ունեցել, եւ այդ ընտանիքի շառաւիղները ինչ-որ տեղ ապրում են», պարզաբանեց Յովհաննիսեանը: Անոր համաձայն, պէտք է մանուկներուն եւ պատանիներուն արգիլել նման գիրքեր կարդալ, եւ նման գիրքերու գրաւչութիւնը պէտք է հակադարձուի ուրիշ գիրքով:

«Մեզ բոլորիս միաւորում է այն միտքը, որ մեր ժողովուրդը բաւականաչափ ներկայացուած չէ համաշխարհային ասպարէզում, եւ մենք աւելիի ենք արժանի քաղաքակիրթ աշխարհում: Սակայն դրան հասնելու համար նախ անհրաժեշտ է, որպէսզի հայ ժողովուրդը հաւատայ իր ուժերին, հարկաւոր է ժողովրդին ներկայացնել իր սկզբնաղբիւրները: Նաեւ անհրաժեշտ է, որպէսզի միւսներն էլ դա իմանան, ուստի գիրքը լոյս է տեսել ռուսերէնով: Մենք պէտք է աշխարհին ներկայացնենք մեր տեղը քաղաքակրթութեան մէջ: Պէտք է սկսել բացատրել մեր ժողովրդին եւ ուրիշներին, թէ ինչու գրքի առաջին հրատարակութիւնը ռուսերէն է: Ուղղակի հիմա դա արդիական է, վստահ եմ, որ կը լինեն նաեւ թարգմանութիւններ: Մենք պէտք է նորից աշխարհին ցոյց տանք մեր տեղը քաղաքակրթութեան մէջ, մեր արհեստականօրէն խեղճացած վիճակից պէտք է դուրս գանք նաեւ գրականութեամբ», յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը` յորդորելով հայեացք նետել անցեալին եւ տեսնել, թէ ի՛նչ ըրած ենք եւ ի՛նչ կրնանք ընել:

Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբայեանի համաձայն, «Մանդիլիոնը» գիրքին մէջ արծարծուած են շատ կարեւոր հարցեր այն մասին, թէ ով ենք մենք, ուրկէ կու գանք եւ ուր կ՛երթանք այս աշխարհին մէջ:

«Ցաւօք, հայ գրականութեան մէջ մենք յաճախ հանդիպում ենք «նեղացուածութեան», աշխարհից կտրուած վիճակի, մինչդեռ այս գրքում փորձ է արւում գտնել մեր կարեւորագոյն տեղն աշխարհում, ցոյց տալ, որ մենք այս աշխարհի իսկապէս կենտրոններից մէկն ենք, ինչը չի նշանակում նսեմացնել որեւէ մէկին», դիտել տուաւ ան:

ՀՅԴ-ի անդամ Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, թէ իր միտքէն երբեւէ չէր անցներ, որ Վահան Յովհաննիսեանի քաղաքական դիմագիծին մասին խօսելէ ետք կարելիութիւն պիտի ունենայ խօսելու գրող Վահան Յովհաննիսեանի մասին: Անոր համաձայն, «Մանդիլիոնը» գիրքի ընթերցումը կը դիւրացնէ Վահան Յովհաննիսեանի բառերուն տեղը ճիշդ որոշելու, բառերը զգալու եւ անոնց հետ աշխատելու հմտութիւնը: Հեղինակը նրբօրէն կ՛ուղղորդէ ընթերցողին` ուշադրութիւնը սեւեռելու ստեղծագործութեան կարեւորագոյն կէտերուն վրայ: Ան նշեց, որ իրեն համար անակնկալ էր Յովհաննիսեանի «գրողական հոտառութիւնը»: Գալստեանի համաձայն, յատկանշական է այն, որ գիրքը դաստիարակչական բնոյթ կը կրէ, անոր ընդմէջէն հասարակական-քաղաքական գործիչ հեղինակը կը ներկայացնէ իր աշխարհայեացքը:

Շնորհահանդէսին ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:

Յովհաննիսեան յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES