«Կը Փորձենք Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Համար Շինիչ Գաղափարներ Գտնել» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Զուիցերիոյ մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման 4-ամեակին եւ խօսած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման հետագայ հնարաւորութիւններու մասին` նշելով, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու համար «շինիչ գաղափարներ» կը փնտռէ:

Յիշեցնենք, որ արձանագրութիւնները ստորագրուած էին 10 հոկտեմբեր 2009-ին:

«Մենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր կը նկատենք: Սակայն ատիկա մնայուն ըլլալու համար Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները, մասնաւորաբար` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող Ղարաբաղեան հարցը, պէտք է լուծուին եւ Ազրպէյճանի հողերու բռնագրաւման պէտք է վերջ տրուի», յայտարարած է Տաւութօղլու:

Ան պնդած է, որ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին իրենք շատ լուրջ ջանքեր ներդրած են` այդ արձանագրութիւնները յաջողութեամբ կեանքի կոչելու համար:

«Յոյսով ենք, որ ատոնք օրակարգէն ամբողջութեամբ դուրս չեն եկած: Սակայն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման եւ աւելի ուշ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սաստկանալուն պատճառով կարելի չեղաւ ատիկա իրագործելը», ըսած է Տաւութօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այժմ ալ կան որոշ գաղափարներ, նոր մտքեր, զորս կը փորձեն զարգացնել, եւ յառաջիկային այդ ուղղութեամբ աշխատանքները պիտի աւելցնեն:

«Ներկայիս մենք շինիչ գաղափարներ զարգացնելու եւ յառաջ մղելու աշխատանք կը տանինք, ինչպէս նաեւ նոր մտածելակերպեր կը փնտռենք: Յառաջիկայ հանգրուանին մեր աշխատանքները պիտի աւելցնենք: Երբ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եղող հարցերուն մեծամասնութիւնը եւս լուծումի մը ծիրին մէջ պիտի ըլլան», ըսած է Տաւութօղլու:

Զուիցերիացի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան մտահոգութիւն յայտնած է Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կառուցման գծով:

Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիան անհանգիստ է, որ 2015-ի ընդառաջ Ժընեւի մէջ կը կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:

Share this Article
CATEGORIES