Վարչապետը Հանդիպումներ Ունեցած Է Ռուսիոյ Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներուն Հետ

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 11 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալովին եւ փոխվարչապետ Արկադի Տուորքովիչին հետ:

Աշխատանքային հանդիպման առանցքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու օրակարգն էր: Կողմերը համաձայնած են այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն շուրջ:

Ռուսական կողմը, բացի առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալովէն, կը ներկայացնէին փոխվարչապետ Արկադի Տուորքովիչը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ: Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբին մաս կը կազմէին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեանը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Վարդան Արամեանը, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը, ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Կարինէ Մինասեանը, տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սուրէն Կարայեանը, ուժանիւթի նախարարի տեղակալ Իոսիֆ Իսայեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Ռուսիոյ կառավարութեան կեդրոնին մէջ կայացած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հանդիպումը` Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Վիքթոր Խրիստենքոյի հետ: Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Մաքսային միութեան միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:

Վարչապետը այցելած է նաեւ Մոսկուայի Հայոց առաջնորդանիստ Սուրբ Պայծառակերպութեան եկեղեցական համալիր, այնուհետեւ` Համառուսական ցուցահանդէսի կեդրոնին մէջ տեղակայուած Հայաստանի մնայուն տաղաւարը, ուր ծանօթացած է ընկերութիւններուն գործունէութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES