Բակօ Սահակեանի Փարիզի Հանդիպումները
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ֆրանսա: Նոյն օրը Լիոն քաղաքի մէջ ան հանդիպում ունեցած է տեղւոյն հայկական միութիւնները համակարգող խորհուրդի խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-սփիւռք փոխգործակցութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր: Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն հետ կայուն կապերու հաստատումը եւ համակարգուած աշխատանքի իրականացումը` աւելցնելով, որ ատոր համար կան բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները:
Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեանը, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

