Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երբ յաջողութիւն արձանագրած էք մէկ ուղղութեամբ ընթանալով, ուրեմն աէմն ինչ լաւ է, մի՛ մտածէք ուրիշ ործեր կաարելու մասին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ժամանակը չէ երազելլու ձեր ասպարէզին տարբեր հարցերու ասին: Մնացէք ձեր պարտականութեան գիտակից: Օրը ունի յաջող հանդիպումներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հետեւեցէք ձեզի մօտիկ անձի մը խորհուրդներւոն, որ ձեզմէ աւելի բան գիտէ իր բարձրագոյն ուսումով: Ընդունեցէք անոր տեսակէտը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Իրաւունք ունիք լաւատես ըլլալու, որովհետեւ գիտակից էք ձեր կարողութեան: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, յաջողութիւնը ձեզի հետ է, մնացէք ինքնավստահ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործակիցներուն հետ կրնալ վէճ ունենալ եւ ջղայնանալ: Որքան որ կրնաք, պահեցէք ձեր պաղարիւնութիւնը: Համբերութիւնը կեանք է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ նախաձեռնութիւններ կատարեցէք, բայց` ոչ գաղտնի: Ձեր շուրջինները պէտք է տեղեակ ըլլան ձեր ծրագրին, ձեր գործին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրալիր եղէք ձեր շրջապատին մէջ: Ձեզմէ կը սպասուի մնալ ընկերասէր եւ միշտ ժպտուն: Այսպիսով, ձեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ դրական ձեւով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալին պատահած անհամ յիշատակներով մի՛ տարուիք: Նոր օրերու պահանջներուն համեմատ գործեցէք եւ միացէք ուրախ բարեկամներու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ներդաշնակ կեանք մը պիտի ունենաք ձեր ընտանիքին անդամներուն հետ: Միասնաբար պիտի որոշէք օգտակար եւ շահեկան ծրագիր մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մարզին մէջ պիտի ունենաք նոր յաջողութիւն մը: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը: Պիտի գնահատուիք նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտաքին տեսքը նոյնքան կարեւոր է, որքան` ձեր գիտութիւնը կամ ձեր ուժը: Հոգ տարէք ձեր հագուածքին, ներկայանալի պէտք է ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արժանի եղէք ձեզի ուղղուած վստահութեան: Եթէ կորսնցնէք այդ վստահութիւնը ձեր շրջանակին մէջ, չէք յարգուիր: Ուշադիր եղէք:

