50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1963)
Խորէն Ա.ի Դամասկոս Այցը
Վեհափառը Մեծ Պատիւներով Ընդունուեցաւ
Սուրիոյ Պետական Աւագանիին Կողմէ
Սիրալիր Տեսակցութիւն Զօր. Հաֆէզի
Եւ Վարչապետ Պիթարի Հետ
Խորէն Ա. կաթողիկոս, ուրբաթ, 11 հոկտեմբեր 1963-ին` կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վերադարձաւ Անթիլիաս, դէպի Դամասկոս, սուրիական Հանրապետութեան կառավարութեան իր պաշտօնական առաջին այցելութիւնը կատարելէ ետք:
Ն. Ս. Օծութիւնը, մասնաւոր ժամադրութեամբ Դամասկոս մեկնած էր հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, ընկերակցութեամբ Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ գաւազանակիր Եզնիկ վրդ. Բալաեանի:
Վեհը մեծ դիւրութեամբ եւ յարգանքի արժանանալով` անցած է լիբանանեան սահմանագլուխէն:
Սուրիական սահմանագլուխ հասած է ժամը 9:30-ին: Համաձայն փրոթոգոլային կարգադրութեան, յանուն սուրիական Հանրապետութեան կառավարութեան, ընդունուած է սուրիական հանրապետութեան փրոթոգոլային պետին` Խալիլ Սատտաուիի կողմէ:
Վեհը դիմաւորելու եկած են նաեւ մօտ 30 ինքնաշարժներով սուրիահայ ազգայիններ` գլխաւորութեամբ Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գէորգեանի եւ Դամասկոսի կաթողիկոսարանի իրաւագէտ խորհրդական` մեթր Ֆրէտ Ասլանեանի:
Ընդունելութեան պատշաճ մաղթանքներէ ետք, առջեւէն փրոթոգոլի ինքնաշարժը, ապա վեհին ինքնաշարժը եւ այսպէս կազմուած թափօրը հասած է Դամասկոս, ուր վեհը իջեւանած է «Նիու Օմայատ» պանդոկ:
Քանի մը վայրկեան հանգստանալէ ետք, վեհափառ հայրապետը` իր հետեւորդներով, առաջնորդութեամբ Սուրիոյ նախագահութեան արարողապետին, մեկնած է Մուհաճիրինի պալատ, ուր արժանացած է մեծ պատիւներու:
Նախ ընդունուած է պետական նախարար տոքթ. Ապտիւլ Խալէք Նախշապանտիի կողմէ, ապա ընդունուած է Ազգային խորհուրդի յեղափոխական հրամանատարութեան նախագահ զօր. Ամին էլ Հաֆէզի կողմէ: Շատ սիրալիր եղած են խօսկացութիւնները: Վեհը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է իր ընտրութեան եւ օծման առթիւ սուրիական կառավարութեան կողմէ եղած շնորհաւորութեանց համար, ապա օրհնած է սուրիական հայրենիքը, անոր քաջարի բանակը եւ մաղթած բարօրութիւն եւ բարգաւաճ կեանք Սուրիոյ ժողովուրդին:
Իր կարգին, զօրավարը պատասխանելով շնորհակալութիւն յայտնած է վեհին իր տուած այցելութեան համար եւ մեծ գնահատանքով արտայայտուած է հայ ժողովուրդին մասին` իբրեւ շինարար, օրինապահ եւ հաւատարիմ քաղաքացիները Սուրիոյ:
Վեհափառ հայրապետը նախագահէն հրաժեշտ առնելէ ետք, իր հետեւորդներով մեկնած է վարչապետարան, ուր մուտքին եւ ելքին արժանացած է զինուորական պատիւներու:
Վարչապետարանի մէջ ընդունուած է վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Սալահ Պիթարի կողմէ: Խօսակցութիւնները դարձեալ եղած են սիրալիր` փոխադարձ բարեմաղթութիւններով:
Այնուհետեւ վեհը այցելած է ներքին գործոց նախարար տոքթ. Նուրէտտին Աթասիի:
Կէսօրէ ետք, պանդոկի մէջ վեհափառ հայրապետը ընդունած է այցելութիւնները սուրիահայ ազգայիններու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու:
Երեկոյեան, Դամասկոսի հայ համայնքը մեծ ճաշկերոյթ մը տուած է ի պատիւ վեհին, «Սեմիրամիս» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ: Ճաշկերոյթին ներկայ եղած են աւելի քան 100 հոգի:
Ճաշի աւարտումին, բարի գալստեան եւ վեհի արեւշատութեան ճառեր խօսուած են: Վեհափառ հայրապետը պատշաճօրէն պատասխանած է եղած անկեղծ ու սրտաբուխ արտայայտութեանց ու իր օրհնութիւնները տուած` սուրիահայ ժողովուրդին:
Նոյն երեկոյեան Դամասկոսի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած է վեհին այցելութիւնները: Ժամը 9:00-ին, սուրիական պատկերասփիւռի կայանէն շատ մանրամասն եւ ընդարձակ կերպով ցուցադրուած է այցելութեան ժապաւէնը:
Ուրբաթ առտու լոյս տեսնող Դամասկոսի բոլոր թերթերը հրատարակած են Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսին տուած պաշտօնական այցելութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Ուրբաթ կէսօրէ ետք, վեհը եղբայրական այցելութիւններ տուած է Յոյն ուղղափառներուն, Յոյն կաթողիկէներու եւ Ուղղափառ Ասորաց պատրիարքարանները:
Փրոթոգալային յայտագիրի աւարտումէն ետք, ժամը 1:00-ին, փրոթոգոլի պետ Պալիլ Սատտաուի եկած է պանդոկ եւ ի պաշտօնէ ընկերակցած է վեհին մինչեւ սուրիական սահմանագլուխ, ուր վեհը բաժնուելէ առաջ անգամ մը եւս իր շնորհակալութիւնները յայտնած է սուրիական Հանրապետութեան կառավարութեան, իրեն հանդէպ եղած յարգալիր ընդունելութեան համար եւ տուած իր մաղթանքներն ու օրհնութիւնները Սուրիոյ ժողովուրդին:
Շատ գոհ տպաւորութեամբ վերադարձաւ վեհը կաթողիկոսարան, Սուրիոյ պետական վարիչներուն իր տուած առաջին այցելութենէն:
Շաբաթ առաւօտ, վեհը շնորհակալութեան հեռագիրներ ուղարկեց նախագահ զօր. Ամին էլ Հաֆէզի, վարչապետ Պիթարի, ներքին գործոց նախարար տոքթ. Նուրէտտին Աթասիի եւ պետական նախարար տոքթ. Ապտէլ Խալէք Նախշապանտիի:

