Լեզու Եւ Գիտութիւն. … Մինչ Բրիտանացիք Կը Թելադրեն` «Օտար Լեզուով Հազար Բառ Սորվեցէ՛ք»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԻՐ ՏԿԱՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՍԿՍԱԾ Է ՆԱՀԱՆՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՄԷՋ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆ ՆՈՐ ԱՐՇԱՒԻ ՄԸ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՈՎ ՄԸ ԳԷԹ 1000 ԲԱՌ ՍՈՐՎԵԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԵԼ ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՅՍ ԳՈՐԾՕՆԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԵԼՈՒ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ:

Հազար բառ սորվելու արշաւը կը բխի այն մտահոգութենէն, որ Բրիտանիա իր լեզուական տկար կարողութեան պատճառով սկսած է նահանջ արձանագրել միջազգային առեւտուրի մէջ, ինչպէս նաեւ` միջազգային պաշտօններ ստանձնելու:

Արշաւը կը ձգտի ապացուցել, թէ միայն փայլուն կարողութիւններով օժտուած անձերը չեն, որոնք կրնան սորվիլ օտար լեզու մը:

«Երկար ժամանակէ ի վեր բրիտանացիք ծանօթ են իբրեւ լեզուներ սորվելու մէջ ծոյլ ժողովուրդ մը», կ՛ըսէ Վիքի Կաֆ, որ կը գլխաւորէ արշաւը` գործակցելով Պրիթիշ քաունսըլի հետ:

«Այլ լեզու մը խօսիլը կենսական է այլ մշակոյթ մը հասկնալու համար»:

«Հետեւաբար, եկէք, շրջենք լեզուներ խօսելու մեր տխրահռչակ համբաւը եւ ցոյց տանք, թէ պատրաստ ենք յարաբերելու բազմալեզու աշխարհին հետ», կը թելադրէ ան:

Կաֆի գլխաւորած խմբակը կը յայտարարէ, թէ 1000 բառերէ բաղկացած բառապաշար մը բաւարար է օտար լեզուով սովորական խօսակցութիւն մը զարգացնելու համար:

Խմբակը մաս կը կազմէ «Սփիք թու տը ֆիուչըր» վերնագիրով աւելի լայն արշաւի մը, որ կը վայելէ զօրակցութիւնը Պրիթիշ քաունսըլի, Բրիտանական ակադեմիային, Բրիտանական ճարտարարուեստի համադաշնակցութեան եւ շարք մը դեսպանատուներու, ինչպէս նաեւ` լեզուներ դասաւանդող հիմնարկներու:

Այս տարուան կրթական պետական քննութիւններու արդիւնքները ցոյց տուած էին, թէ բրիտանացի աշակերտները յաջորդաբար 10 առ հարիւր եւ 11 ար հարիւր համեմատութեամբ աւելի ցած նիշեր արձանագրած են ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի մէջ, թէեւ սպաներէնի նիշերը բարձրացած են 4 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Ի տարբերութիւն` միջազգային Ճի. Սի. Էս. Ի. քննութիւններուն մէջ բրիտանացի աշակերտները 16 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի բարձր նիշեր արձանագրած են գերմաներէնի եւ սպաներէնի մէջ` շրջելով երկար ժամանակէ ի վեր տկարացող նիշերու պատկերը:

Այս յաջողութիւնը կը վերագրուի անգլերէն պաքալորէայի ներմուծումին, որ կ՛ընդգրկէ` ուսողութիւն, անգլերէն, գիտական երկու նիւթեր, օտար լեզու մը եւ պատմութիւն կամ աշխարհագրութիւն:

Սակայն «Սփիք թու տը ֆիուչըր» վերնագիրով արշաւի ներկայացուցիչ Թըրիսա Թինսլիի համաձայն, անգլիական պաքալորէա կ՛անցընեն միայն այն աշակերտները, որոնք դպրոցին մէջ լաւ նիշեր կ՛արձանագրեն: Որոշ ապացոյցներ մտածել կու տան, թէ կարգ մը դպրոցներ օտար լեզուի ուսուցումը կը կեդրոնացնեն միայն լաւ աշակերտներուն վրայ, մինչդեռ գործառնութեան մարզը կարիքը ունի լեզուական կարողութիւններու տէր անձերու, բոլոր մակարդակներու վրայ:

Գործառնութեան մարզին մէջ բարձրաստիճան պատասխանատուներ յաճախ կը տիրապետեն օտար լեզուի մը, սակայն երբեմն նոյնիսկ սակարանային միջազգային շուկաներու մէջ աշխատող անձեր անգլերէնէ զատ որեւէ այլ լեզու չեն խօսիր:

«Մտահոգիչ վիհ մը կը խորանայ», կ՛ըսէ ան:

Պեռնատեթ Հոլմզ, որ կը գլխաւորէ արշաւը, կ՛ըսէ. «Իրապաշտ է եւ իրագործելի այն գաղափարը, թէ ամէն ոք կրնայ սորվիլ այլ լեզուի մը հիմնական յատկանիշները»:

«Չենք ակնկալեր անմիջական սահուն խօսակցութիւն: Այսուհանդերձ, եթէ ամէն ոք կարենայ առնուազն 1000 բառ սորվիլ օտար լեզուով, ապա նկատառելի համեմատութեամբ կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել ընկերային դրական վարուելակերպ եւ տնտեսական հեռանկարներ: Երիտասարդներ աւելի լաւ պիտի պատրաստուին համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն եւ մեր մշակութային, ինչպէս նաեւ մտաւորական մակարդակները պիտի բարձրանան», կ՛ըսէ ան:

«Կոչ կ՛ուղղեմ ազդեցիկ բոլոր անձնաւորութիւններուն, որ միանան մեր արշաւին եւ օգնեն մեզի` իրականացնելու համար այս նպատակը»:

«Սփիք թու տը Ֆիուչըր» կը վայելէ Բրիտանական ակադեմիային եւ համալսարանական «Ռութց ինթու լենկուիճըզ» ծրագիրին նիւթական հովանաւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES