Լեզու Եւ Գիտութիւն. Կուկըլ Կը Փորձէ Վերացնել Լեզուական Պատուարը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենխմին Նաթանիահու թարգանող խցիկին մէջ, 2009-ին,Պերլինի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը առիթով:
ԿՈՒԿԸԼԻ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ ՄԵԾ ԵՆ. ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏԻ ՄԸ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՆԻԿԱ ԱՐԴԷՆ ԲԱՒԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ԿՏՐԱԾ Է ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՄԷՋ, ՄԻՆՉ ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՐԻ ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹԻ ԵՒ ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ՀԵՏ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԳՈՀԱՑՈՒՑԻ՞Չ Է: ԹԵՐԵՒՍ ԱՅՈ՛, ԱՄԷՆԷՆ ՊԱՐԶ ԵՒ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՅԱՃԱԽ ԳՈՐԾԱԾՈՒՈՂ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ` Ո՛Չ ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՈՐ ՅԱՃԱԽ ԻՐ ՏԱՌԱՑԻ ԲՆՈՅԹՈՎ ՄԻԱՅՆ ԾԻԾԱՂԵԼՈՒ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ: ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՄԵՔԵՆԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՅԱՋՈՂԱԾ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԹԱՐԳՄԱՆՈՂ ՄԱՐԴԸ: ԲԱՐԵԲԱԽՏԱԲԱՐ «ՏԵՐ ՇՓԻԿԸԼ»-Ի ՄԷՋ ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿՈՒԿԸԼՈՎ ՉԷ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆԷ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԵՒ ԱՅՍՏԵՂ` ՀԱՅԵՐԷՆԻ, ԹԷԵՒ ԱՅՍ ԵՐԵՔ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ԱՆՈՐ 71 ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՓՈՐՁ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼ ԵՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԱԴՐԵԼ «ԿՈՒԿԸԼ ԹՐԱՆՍԼԷՅԹ»-Ի ՄԷՋ, ԳԷԹ` ԶՈՒԱՐՃԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:
Երբ գիտաերեւակայական պատմութիւններու հեղինակներ կը պատկերացնեն մարդկութեան ապագան, մեզի կը ներկայացնեն աշխարհը բարելաւելու միտող շարք մը գաղափարներ: Անոնց շարքին են անսպառ ուժանիւթը եւ լոյսի արագութեամբ ճամբորդող անջրպետանաւերը, նաեւ` մանրակերտ համակարգիչները, որոնք կը ծառայեն իբրեւ տիեզերական թարգմանիչներ` վերացնելով լեզուական բոլոր պատուարները:
Այժմ Կուկըլ կը ձգտի իրականացնել երեւակայական այս պատմութիւններէն գէթ վերջինը: Ծրագիրին պատասխանատուն համակարգիչի 41 տարեկան գիտնական մըն է, որ կու գայ հարաւարեւմտեան Գերմանիոյ մէջ Էրլանկընի մօտակայ փոքր մէկ գիւղէն:
Ֆրաց Եոսըֆ Օխ երկար ժամանակէ ի վեր կեդրոնացած է մէկ նպատակի վրայ. կառուցել կատարելապէս թարգմանող համակարգիչ մը. գործիք մը, որ այնքա՛ն փոքր ըլլայ եւ այնքա՛ն արագ, «որ նոյնիսկ աննկատելի մնայ, եւ միայն անոր փսփսուքը լսենք մեր ականջին մէջ»: Գործիք մը, որ ակնթարթի մը մէջ մեր խօսած լեզուով վերարտադրէ որեւէ գրութիւն, համացանցի կայքէջի մը ամբողջ պարունակութիւնը կամ որեւէ այլ լեզուով խօսակցութիւն մը:
Նման գործիք մը փրկութիւն պիտի ըլլար զբօսաշրջիկներու համար եւ աղէտ` թարգմանողներու: Սակայն անիկա աւելին է, որովհետեւ կը նկատուի դէպի արհեստական խելացութիւն առաջնորդող ճամբայ մը: Օխ պատանի տարիքէն կ՛երեւակայէր այնպիսի գործիքներ, որոնք կրնային դրսեւորել զուտ մարդկային յատկանիշներ:
Օխ ուսած էր համակարգչային գիտութիւններ եւ ստացած էր տոքթորայի տիտղոս` գրելով թեզ մը արհեստական խելացութեան վերաբերեալ: Անմիջապէս Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մաս կազմող Պաշտպանական յառաջադէմ ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի բաժանմունքը զայն հրաւիրած էր Քալիֆորնիա: 2004-ին Օխ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած էր Կուկըլի հիմնադիր Լերի Փէյճէն, որ հարց տուած էր, թէ արդեօք չէ՞ր փափաքեր աւելի առաջ երթալ իր ասպարէզին մէջ: Այնուհետեւ Օխ ստացած էր «Կուկըլ թարգմանիչ»-ը` իբրեւ իր սեփական աշխատանքի կալուածը:
Համացանցի այս հսկային ապագայի տարաշխարհիկ ծրագիրներու շարքին են իրենք զիրենք քշող ինքնաշարժները, ինչպէս նաեւ` կեանքի միջին տեւողութեան երկարաձգումը: Թէեւ ցարդ «Կուկըլ թրանսլէյթ» շատ բան չէ արտադրած, սակայն յայտնաբար Օխ եւ անոր հետ աշխատող խումբը կը փայփայեն մեծ երազներ: Անոնք կը ձգտին ի վերջոյ քանդել Բաբելոնի աշտարակը:
Ձրի Սպասարկութիւն
Օխի գլխաւորած գիտնականներու խումբը արդէն արձանագրած է նկատառելի յառաջխաղացք: «Կուկըլ թրանսլէյթ» այժմ կրնայ գրութիւն մը թարգմանել 71 տարբեր լեզուներու. անգլերէնէ գերմաներէն, իսլանտերէնէ ճափոներէն եւ այլն:
Օրինակ, երբ «Շփիկըլ»-ի մէկ յօդուածը տեղադրենք այս ծրագիրին մէջ, կրնանք մետասներորդ վայրկեանի մէջ ստանալ անոր ֆրանսերէն թարգմանութիւնը: Կոճակ մը սեղմելով` իտալական կայքէջ մը կը թարգմանուի գերմաներէնի: Բաւարար է Ճափոնի գնացքի մէկ կայարանին մէջ անորոշ նշան մը խելացի հեռաձայնով նկարել. «Կուկըլ թրանսլէյթ» ակնթարթի մէջ կը կարդայ նշանին կցուած գրութիւնը եւ կը թարգմանէ զայն:
Անցեալ տարի «Կուկըլ թրանսլէյթ»-ի սպասարկութիւնը օգտագործուած է 200 միլիոն անգամ: Ցարդ անիկա ձրի է: Սակայն մասնաւորաբար բազմազգեան ընկերութիւններ բաւական սուղ պիտի գնահատէին անոր մեքենական թարգմանութեան սպասարկութիւնը: Վստահաբար Կուկըլ կրնայ ապագային որոշ գումար մը պահանջել` իր այս գործիքը տրամադրելու համար:
Այսուհանդերձ, ցարդ ընկերութեան նպատակն է կատարելագործել թարգմանութեան իր սպասարկութիւնը, ինչպէս նաեւ` խելացի հեռաձայններու հետ իր կապը: «Կուկըլ թրանսլէյթ»-ը կատարելագործող գիտնականներու խումբը կատարած է յայտնագործում մը, որ խելացի հեռաձայնները կը վերածէ թարգմանելով խօսող գործիքի, որ ցարդ օժտուած է շուրջ 25 լեզուներու միջեւ թարգմանելու կարողութեամբ:
Այս գործիքը շատ արդիւնաւէտ է, այնքան ատեն որ նախադասութիւնները համեմատաբար պարզ են: Օրինակ, եթէ մէկը կ՛ուզէ Պէյճինկի մէջ թաքսիի վարորդի մը ըսել, թէ անյապաղ պէտք է դեղարան երթայ, կրնայ պարզապէս իր լեզուով իր ցանկութիւնը յայտնել իր խելացի հեռաձայնին եւ անիկա անմիջապէս նախադասութիւնը կը վերարտադրէ չինարէնով` ճշգրիտ կերպով զայն արտաբերելով նուրբ ձայնով մը. «Քինկ տայ ուօ քիւ եիժիա եաոտեան»:
Օխ կը մտածէ, թէ այս գործիքը տակաւին «քիչ մը դանդաղ է եւ ապիկար, որովհետեւ պէտք է կոճակներ սեղմել` հրահանգներ տալու համար անոր»: Թարգմանութեան որակը եւս անհաւասար է: Սակայն տակաւին քանի մը տարի առաջ պիտի մտածէինք, թէ ան խենթ էր, երբ յանդգնէր պատկերացնել այն, ինչ որ «Կուկըլ թրանսլէյթ» արդէն իրագործած է այսօր:
«Մեծ Ոստում Մը»
Համակարգիչի «Այ. Պի. Էմ.» ընկերութիւնը քանի մը տասնամեակ առաջ հիմը դրած էր մեքենական թարգմանութեան: Սակայն ծրագիրը չէր զարգացած եւ շուտով մոռցուած էր: Այս պատճառով Կուկըլի մէջ Օխի գործունէութեան առաջին տարիները «զուտ ուսումնասիրութեան յատկացուած էին»: Ցարդ ան իր պաշտօնակիցներուն հետ արձանագրած է մեծ յառաջդիմութիւն. «մեծ ոստում մը», ինչպէս կը կոչէ զայն:
Կուկըլի գլխաւոր համալիրը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու արհեստագիտութեան կեդրոն Սիլիքոն վալիի մէջ, ուր տեղադրուած է անոր «թարգմանութեան բաժանմունքը, որ նկատառելի կերպով ընդարձակուած է տարուէ տարի: Աշխատողներուն մաս կը կազմեն համակարգիչի գերմանացի գիտնականներ, սակայն ոչ մէկ լեզուագէտի կարելի է հանդիպիլ անոնց շարքին: Օխ ինքնին լեզուագէտ մը չէ: Ընդհակառակը, «դժուար կը սորվիմ լեզուները, եւ ճիշդ հոս է մեքենական թարգմանութեան գեղեցկութիւնը. անիկա կ՛ենթադրէ փայլուն կարողութիւն` ուսողութեան եւ վիճակագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` համակարգչային ծրագիրներ պատրաստելու», կ՛ըսէ ան:
Բառարաններու կատարելագործումը, քերականական կառոյցներու սահմանումը եւ բոլոր օրէնքները, որոնք սովորաբար կը զետեղուին համակարգչային թարգմանող ծրագիրներու մէջ` զանոնք օժտելու համար մարդկային թարգմանի կարողութեամբ, գրեթէ տեղ չունին Կուկըլի այս բաժանմունքին մէջ: Իրօք, լեզուական օրէնքները յաճախ շատ կարծր եւ շատ բարդ կը թուին համակարգիչին: Օրինակ, անգլերէնի եւ գերմաներէնի մէջ ածականը կը գործածուի անունէն առաջ, մինչդեռ ֆրանսերէնի մէջ ճիշդ հակառակն է: Հետեւաբար համակարգչային թարգմանող ծրագիրը անմիջապէս «կը կորսուի թարգմանութեան մէջ»:
Փոխարէնը` Կուկըլ շեշտը կը դնէ այն բաներուն վրայ, ինչ որ լաւ գիտէ ընել. այսինքն` տեղեկութիւններու եւ վիճակագրութիւններու օգտագործում: «Այս ծրագիրը հիմնականին մէջ կապակցութիւններ կը ստեղծէ արդէն գոյութիւն ունեցող թարգմանութիւններու միջեւ եւ առաւել կամ նուազ չափով առանձինն կը սորվի աշխատիլ միլիառաւոր բառերու հետ,- ինչպէս կը բացատրէ Օխ:- Վերջաւորութեան պարզապէս թարգմանութիւններու հաւանականութիւններ կը համակարգենք»:
Որքան հսկայական ըլլայ գոյութիւն ունեցող տուեալներու քանակը, այնքան աւելի լաւ կը գործէ համակարգը: Այս պատճառով է, որ թարգմանող համակարգիչի մը յայտնագործումը կարելի է դարձած է միայն համացանցի յայտնութենէն ետք: Համացանցը կ՛ընձեռէ գոյութիւն ունեցող թարգմանութիւններու հսկայական հարստութիւն մը:
Շատ Հեռու` Կատարեալ Թարգմանութենէ
Համացանցի խառնիճաղանճին մէջ միաժամանակ տեղեկութիւն հաւաքելու եւ սորվելու մեքենական այս գործընթացը տեղի կ՛ունենայ հանրահաշիւով (ալկըրիտմ): Օրինակ, երբ ծրագիրէն կը պահանջենք ֆրանսերէն նախադասութիւն մը թարգմանել գերմաներէնի, համակարգիչը կը սկսի իրարու համեմատել նախադասութիւններ, որոնք արդէն գոյութիւն ունին եւ հաշիւներ կը կատարէ լաւագոյն ձեւով կազմելու համար նոր նախադասութիւն մը` հիմնուելով իր հաւաքած տեղեկութիւններուն վրայ:
Ասիկա յաճախ լաւ արդիւնք կու տայ, սակայն տակաւին հեռու է կատարելութենէ: Շարադասութիւնը, շեշտաւորումը եւ երկիմաստ գաղափարներու արտայայտութիւնը կը մնան մեքենական թարգմանութեան գլխաւոր հարցերը: Նման ծրագիրներով կատարուած թարգմանութիւնները յաճախ հասկնալի են, թէեւ մղձաւանջ մըն են լեզուաբաններու համար: Թարգմանող գործիքը պարզապէս զուրկ է գեղագիտական զգացողութենէ:
Հետեւաբար, արդեօք Կուկըլ պէտք է թարգմանող գործիքին ստեղծագործականութի՞ւն սորվեցնէ իրապէս յաջող արդիւնք ստանալու համար: Ո՛չ, կը պատասխանէ Օխ` նշելով, որ հարցը աւելի կը վերաբերի «արդիւնաւէտ ձեւով սորվելու»: Այլ խօսքով, համակարգիչը պէտք է տիրապետէ ընդօրինակելու արուեստին:
Թարգմանութիւնները ընդհանրապէս աւելի յաջող են, երբ թարգմանող ծրագիրին դիտանկիւնէն` լեզուները քերականական եւ բառերու կառոյցի նմանութիւններ ունին, եւ երբ տուեալ լեզուներով բազմաթիւ գրութիւններ գոյութիւն ունին: Անգլերէնի եւ սպաներէնի միջեւ թարգմանութիւնները բաւական յաջող են, մինչդեռ անգլերէնի եւ ճափոներէնի միջեւ թարգմանութիւնները այնքան ալ յաջող չեն: «Դժբախտաբար անգլերէնի եւ գերմաներէնի միջեւ թարգմանութիւնը ամէնէն դժուար թարգմանութիւններու շարքին է, ինչ որ իրապէս կը ջղագրգռէ զիս», կ՛ըսէ Օխ:
Սակայն Կուկըլ ճիշդ ի՞նչ ծրագիր կը փորձէ մշակել իր թարգմանող գործիքին համար: Արդեօք ընկերութիւնը կը ձգտի մենաշնո՞րհ հաստատել մարդկային հաղորդակցութեան դաշտին մէջ եւ գերակայութի՞ւն համաշխարհային հաղորդակցութեան»:
Մարդկային Երանգ Մը
Օխի արտայայտութիւնները աղօտ են: Ան կ՛ըսէ, թէ թարգմանող գործիքին առեւտրական բաժինը իր կալուածէն դուրս է: Սակայն ան տրամադիր է յայտարարելու գէթ հետեւեալը. «Մեքենական թարգմանութիւնը հսկայական տեղեկութիւններ հասանելի կը դարձնէ շատերուն, ինչ որ կը ստեղծէ բազմաթիւ այլ կարելիութիւններ»: Ան կը բացատրէ, թէ կարեւորը անուղղակի օգտակարութիւնն է: Կուկըլ նմանօրինակ մօտեցում ցուցաբերած է իր տարբեր սպասարկութիւններուն մէջ: Համացանցի մէջ փնտռտուքներ կատարող անոր գործիքը եւ ե-նամակի սպասարկութիւնները առայժմ ձրի են: Սակայն անոնք նաեւ Կուկըլի կը մատակարարեն համացանց գործածող հարիւրաւոր միլիոն անձեր եւ անոնց բերած տեղեկութիւնները:
Միաժամանակ կը զարգանայ մրցակցութիւն մը: Քանի մը շաբաթ առաջ Ֆէյսպուք գնեց փոքր ընկերութիւն մը, որ զարգացուցած է լեզուական ներմուծումներու եւ մեքենական թարգմանութեան համակարգ մը: Ընկերային այս ցանցը կը ձգտի դիւրացնել հաղորդակցութիւնը աւելի քան 200 երկիրներու մէջ Դիմատետր գործածողներուն միջեւ, որոնց թիւը կը հասնի աւելի քան մէկ միլիառի:
Եւրոպական միութիւնը ստեղծած է մեքենական թարգմանութեան իր սեփական համակարգը, որ կը կոչուի MT@EC եւ գլխաւորաբար ձեւագծուած է` թարգմանելու համար դիւանակալական բառապաշարով նիւթեր: Պիւտճէական իր սահմանափակումներուն պատճառով` Եւրոպական Միութիւնը հաւանաբար յառաջիկայ տարիներուն պիտի պարտաւորուի գործէ արձակել իր մարդկային թարգմաններուն 10 առ հարիւրը:
Մայքրոսոֆթ եւս հրապարակած է թարգմանող ծրագիր մը: Անցեալ աշնան այս ընկերութեան համաշխարհային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին տնօրէնը` Ռիք Ռաշիտ ծրագիրը հրապարակեց Չինաստանի մէջ համագումարի մը առիթով: Ան իր խօսքը արտասանեց անգլերէնով, մինչ Մայքրոսոֆթ համակարգիչ մը զայն տեղւոյն վրայ կը թարգմանէր մանտարին չինարէնի, ոչ թէ միապաղաղ ձայնով, այլ` նոյնինքն Ռաշիտի սեփական ձայնով, զոր սորված էր ընդօրինակել` նախապէս ձայնագրուած անոր խօսքերը լսելով: Այս թարգմանութիւնը գէթ կը պարունակէր մարդկային երանգ մը:

