Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Թուրքիան Դատի Տալու Աւելի Լայն Կարելիութիւններ Կ՛ընձեռէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թէեւ յաճախ կը խօսուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Միջազգային դատարան) Թուրքիոյ դէմ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման մասին, սակայն հազուադէպօրէն կը նշուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) հայց ներկայացնելու կարելիութիւնը` հակառակ վերջինիս բացայայտ առաւելութիւններուն:

Այս երկու դատարաններուն միջեւ եղած հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ միայն պետութիւնները կրնան դատական հայց ներկայացնել Միջազգային դատարան, մինչդեռ իւրաքանչիւր անձ, խումբ կամ պետութիւն կրնայ դիմել ՄԻԵԴ` հայերուն անհամար կարելիութիւններ տալով թրքական պետութեան դէմ հայցեր ներկայացնելու: Հայցուորները նախքան ՄԻԵԴ դիմելը պէտք է սպառեն բոլոր ներպետական միջոցները եւ ըլլան Եւրոպայի խորհուրդի 47 անդամ պետութիւններէն, որոնցմէ են  Հայաստանը եւ Թուրքիան:

Պատահական չէ, որ Թուրքիան կը գլխաւորէ ցանկը այն երկիրներուն, որոնց դէմ ՄԻԵԴ-ի մէջ դատեր յարուցուած են: Ուստի, միայն վերջին երկուքկէս տարուան ընթացքին աւելի քան 20 հազար բողոք ներկայացուած է այդ երկրին դէմ: Հակառակ տարածուած կարծիքին` Թուրքիան այլընտրանք չունի, քան` հնազանդիլ ՄԻԵԴ-ի բոլոր վճիռներուն, եթէ կը փափաքի պահպանել իր անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին: Ասով կը բացատրուի, թէ ինչո՛ւ Անգարայի կառավարութիւնը ջանասիրաբար տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ հայցուորներուն` ՄԻԵԴ-ի մէջ հարիւրաւոր դատեր կորսնցնելէ ետք:

Վառ օրինակ է ՄԻԵԴ-ի 2013 Հոկտեմբեր 1-ի վճիռը, որով դատարանը պարտադրեց Թուրքիոյ վճարել աւելի քան 5 միլիոն եւրօ (մօտ 7 միլիոն տոլար) Եանիս եւ Եւանկելոս Ֆոքաս յոյն եղբայրներուն, որոնք կ’ապրին Յունաստանի Քաթերինի քաղաքին մէջ: Թրքական դատարանները արգիլած էին անոնց ժառանգելու իրենց քրոջ` Փոլիքսենի Փիսթիքայի շէնքերը Թուրքիոյ մէջ` յոյն ըլլալնուն պատճառով:

Ֆոքաս եղբայրները իրենց դատական հայցով պնդած էին, որ «իրենք զրկուած էին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող սեփականութենէն եւ երեք անշարժ գոյքէ` երեք շէնք եւ հողամաս, որոնք օրէնքով ժառանգած էին իրենց քրոջմէն: Բռնագրաւուած գոյքը բաղկացած էր ութ յարկանի շէնքէ` 3.3 միլիոն եւրօ, վեց յարկանի շէնքէ` 1.4 միլիոն եւրօ եւ չորս յարկանի շէնքէ` 400 հազար եւրօ արժողութեամբ, որոնք գնահատուած էին Պոլսոյ անշարժ գոյքի գործակալութեան կողմէ:

ՄԻԵԴ-ը վճռեց, որ թրքական դատարաններուն «մերժումը` ճանչնալու հայցուորներուն կարգավիճակը իբրեւ ժառանգորդներ, կը հանդիսանայ միջամտութիւն իրենց ունեցուածքէն անարգել օգտուելու անոնց իրաւունքին, եւ որ նման միջամտութիւնը անհամատեղելի է օրինականութեան սկզբունքներու հետ® Հետեւաբար, հայցուորներու ճանաչումը իբրեւ Փոլիքսենի Փիսթիքայի ժառանգորդներ® զանոնք պիտի դնէ այնպիսի դրութեան մը մէջ, ուր անոնք պիտի ըլլային, եթէ պետութիւնը [Թուրքիան] չբռնագրաւէր հանգուցեալին գոյքը® Այս պայմաններուն մէջ, նիւթական վնասի փոխհատուցումը կը թուի առաւել նպատակայարմար արդար հատուցում ըլլալ (տե՛ս «Նաճարեանը եւ Տէրեանը ընդդէմ Թուրքիոյ», թիւ 19558/02 եւ  27904/02, <<<<16-17, 8 յունուար, 2008 թ.): Դատարանը կը կարծէ, թէ նման վճիռ մը սկզբունքով կը համապատասխանէ այն գումարին, զոր հայցուորները կրնային ակնկալել օրինական ձեւով ստանալ իբրեւ փոխհատուցում իրենց գոյքի կորուստին համար, եթէ ըլլար մեքենականութիւն մը նման փոխհատուցում պահանջելու համար»:

Հիմք ընդունելով վերոնշեալ որոշումը, Եւրոպական դատարանը վճռեց յոյն եղբայրներուն յատկացնել 5 միլիոն եւրօ` անոնց  բռնագրաւուած անշարժ գոյքին դիմաց, ինչպէս նաեւ` փոխհատուցելով զանոնք «տառապանքներու եւ հիասթափութեան համար, զորս հայցուորները ունեցած են տարիներ շարունակ չկարենալով օգտագործել իրենց սեփականութիւնը»: Դատարանը պարտաւորեցուցած էր Թուրքիոյ կառավարութիւնը` երեք ամսուան ընթացքին հայցուորներուն վճարելու փոխհատուցման գումարը:

Յիշատակուած` «Նաճարեանը եւ Տէրեանը ընդդէմ Թուրքիոյ» գործին մէջ, ՄԻԵԴ-ը վճռած էր, որ թրքական դատարանները խախտած էին նաեւ Երան-Ժանեթ Նաճարեանի եւ Արմէն Տէրեանի իրաւունքները, պնդելով, որ անոնք, իբրեւ Յունաստանի քաղաքացիներ, չեն կրնար ժառանգել իրենց մահացած ազգականին ունեցուածքը Թուրքիոյ մէջ, «այն հիմքով, որ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձութեան համաձայնութիւն չկար»: ՄԻԵԴ-ը Թուրքիան մեղաւոր ճանչցաւ եւ 500 հազար եւրօ գումար յատկացուց յունահայ երկու հայցուորներուն:

Յուլիսին Երեւանի մէջ կայացած Հայ իրաւաբաններու միջազգային համաժողովին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարեց փորձագէտներու յանձնախումբի մը ստեղծումին մասին` ուսումնասիրելու համար Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու իրաւական հիմքերը` Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով ահռելի վնասները հատուցելու նպատակով:

Հաշուի առնելով, որ ՄԻԵԴ-ը Եւրոպայի խորհուրդի հայցուորներուն համար շատ աւելի լայն կարելիութիւններ կ’ապահովէ, քան` Միջազգային դատարանը, իրաւաբաններու նորաստեղծ հայկական յանձնախումբը պէտք է իր աշխատանքի ծիրը աւելի ընդլայնէ` ուսումնասիրելով Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու կարելիութիւնները Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, ինչպէս նաեւ` ազգային եւ միջազգային դատարաններուն մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Share this Article
CATEGORIES