Պաշտօնական Վերամուտ` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 2013-2014 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ին: Արդարեւ, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին մասնաճիւղի բոլոր խումբերը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, տողանցեցին Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղերուն մէջ: Տողանցքը սկիզբ առաւ մասնաճիւղի ակումբէն` անցնելով Արաքս պողոտայէն դէպի Արագած շրջան, ապա Կիլիկիա շրջան` հասնելով Պուրճ Համուտի հրապարակ: Ամբողջ տողանցքին տեւողութեան սկաուտները դիմաւորուեցան ժողովուրդի բուռն ծափահարութիւններով եւ հայ մամիկներու օրհնութիւններով. անոնք իրենց տուներու պատշգամներէն բրինձ եւ վարդ թափելով դիմաւորեցին սկաուտները: Պուրճ Համուտի հրապարակ հասնելէ ետք կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն. հոն շաբաթ գիշեր սկաուտները ձեռային աշխատանքով պատրաստած էին դրօշակի կայմը: Դրօշակի արարողութենէն ետք մոկլի վոհմակի պատասխանատու Մեղեդի Պուտաքեան ստացաւ Ռաքշայի աստիճան. ապա մասնաճիւղի խմբապետ Սիրան Չպլաքեան յայտարարեց մասնաճիւղի պաշտօնական վերամուտը: Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

Share this Article
CATEGORIES