Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լեհաստան – Հայաստան` 0-1

Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Բ. խմբակի զտումի մրցումները հիւրընկալող երկիրը` Լեհաստանը:

Մրցումին 76-րդ վայրկեանին հայրենի կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Վարդան Պաքալեան` 76-րդ վայրկեանին:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան այժմ Ռումանիոյ նման ունի 4 կէտ: Հայրենի կազմը Լիթուանիոյ դէմ կատարելիք իր երրորդ մրցումին պիտի ունենայ բացականեր:

Սարգիս Շահինեան, Արմէն Մանուչարեան եւ Ռոպերթ Դարբինեան, որոնք կախակայուած են, պիտի չկարենան դաշտ ներկայանալ:

Share this Article
CATEGORIES