ՀՄԸՄ Ներկայ` Կէսմարաթոնի Մրցումին
Կիրակի, 13 հոկտեմբերին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կազմակերպած էր Լիբանանի ախոյեանութեան կէսմարաթոնի մրցում մը (21 եւ 100 քմ): Մրցումին մասնակցեցան 700-է աւելի երկսեռ մարզիկներ: Մարզիկները առաւօտեան ժամը 7:30-ին սկսան վազքը Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրէն: Անոնք վազեցին խանդավառութեամբ` մաամլթէյնի ուղղութեամբ, ապա վերադարձան Տըպպայէ:
Լիբանանեան բանակի եւ այլ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու մարզիկները վազքը աւարտեցին «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին շրջափակին մէջ:
Լեւոն Թաշճեան այս մրցումին կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը: Անոր դաշտ մուտքը դիմաւորուեցաւ խօսնակին մեծ գնահատանքով` ՀՄԸՄ Պէյրութի նկատմամբ:
Լեւոն Թաշճան իր դասակարգի տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով` 2 ժամ 12′ 30″ արդիւնք մը: Աւարտին տեղի ունեցաւ մետալներու տուչութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

