Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւնը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ առաջին տիկին Ուաֆաա Սլէյման հանդիպում ունեցան Պէյրութի Մարաթոնի միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ եւ անկէ ստացան Պէյրութի 2013-ի Միջազգային Մարաթոնին թիւ 1 շապիկը: Մարաթոնը պիտի կատարուի պիտի կատարուի կիրակի, 10 նոյեմբերին:
Նշենք, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, Մաքսիմ Շահիա եւ ուրիշներ:
Իր խօսքին մէջ նախագահը յաջողութիւն մաղթեց Մարաթոնի պատուիրակութեան` յոյս յայտնելով, որ 2013-ի Մարաթոնը եւս պսակուի մեծ յաջողութեամբ` նախորդներուն նման:
CATEGORIES Մարզական

